image
Հրատապ լուրեր:

«Աշխարհը գիտէ՝ Ուքրանիան պիտի յաղթէ». Զելենսքի

«Աշխարհը գիտէ՝ Ուքրանիան պիտի յաղթէ». Զելենսքի

Անոնք կորսնցուցած են աւելի քան 35.000 սպաննուած զինուոր, եւ սա դեռ պահպանողական գնահատական է: Եւ ինչի՞ համար է այս ամէնը... խելագար քարոզիչներու համար, որպէսզի իրենց եթերով ինչ-որ տեղ փլատակներու վրայ ցուցադրեն ռուսական կամ խորհրդային դրօշը:

 

Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած է առնուազն 35.000 մարդ, եւ այդ կորուստները կրնա աւելի մեծ ըլլալ: Այս մասին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարած է Յուլիս 3-ի արդիւնքներով:

«Անոնք կորսնցուցած են աւելի քան 35.000 սպաննուած զինուոր, եւ սա դեռ պահպանողական գնահատական է: Եւ ինչի՞ համար է այս ամէնը... խելագար քարոզիչներու համար, որպէսզի իրենց եթերով ինչ-որ տեղ փլատակներու վրայ ցուցադրեն ռուսական կամ խորհրդային դրօշը», ըսած է ան:

«Աշխարհի մէջ բոլորին համար եւ, վստահ եմ, բուն Ռուսիոյ մէջ բոլոր խելացի մարդոց համար պարզ է, որ Ուքրանիան պիտի յաղթէ: Այդ միայն ժամանակակից զէնքի հարց է, որ մենք պէտք է ստանանք եւ անպայման պիսի ստանանք», բացատրած է Զելենսքին:

Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ դէմ յարձակման հետ կապուած` ռուսական տնտեսութիւնը «վերջին 50 տարուայ ամենամեծ ճգնաժամին մէջ է»:

«Աշխարհը կը հրաժարի Ռուսիոյ հետ կապերէն: «Փլուզում», «թերութիւն» եւ «աղքատութիւն» բառերն այն են, ինչ որ պիտի բնութագրէ ռուսական կեանքը, քանի դեռ այս պետութիւնը կը փափաքի ըլլալ ահաբեկչական պետութիւն», ըսած է Զելենսքին: