Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօն այսօր Մոսկուայի մէջ հանդիպած է հայ պաշտօնակիցին՝ Վահէ Գէորգեանի հետ։
«Վստահաշատ եւ կառուցողական միջավայրի մէջ քննարկուած են երկկողմ, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային ու տարածաշրջանային օրակարգի հարցեր», կը տեղեկացնէ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի կայանայ տարածաշրջանային նոր հարթակի՝ «3+2»-ի առաջին՝ նախնական հանդիպումը՝ արտաքին գործերու փոխնախարարներու մակարդակով։
Հայկական կողմը դեռ պաշտոնապէս չէ հաստատած՝ արդեօք Գէորգեա՞նը պիտի ներկայացնէ Երեւանը այդ բանակցութիւններուն։