image

Արցախի բնակչութեան 99.7 տոկոսը դէմ է նախկին «7 շրջաններ»ու զիջման` նոյնիսկ անկախութեան միջազգային ճանաչման դիմաց. Հարցախոյզ

Արցախի բնակչութեան 99.7 տոկոսը դէմ է նախկին «7 շրջաններ»ու զիջման` նոյնիսկ անկախութեան միջազգային ճանաչման դիմաց. Հարցախոյզ

Ըստ IPSC- հարցման` Արցախի բնակչութեան 99.7 տոկոսը դէմ է նախկին «7 շրջաններ»ու զիջման` նոյնիսկ անկախութեան միջազգային ճանաչման դիմաց: Այս մասին 18 դեկտեմբերին, իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է ԼՂՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արտակ Բեգլարեան: «IPSC ընկերաբանական ընկերութեան կողմէ այս տարուայ յուլիսին Արցախի մէջ կատարուած ընկերային հարցախոյզի արդիւնքներով` Արցախի բնակչութեան 99.7 տոկոսը դէմ է նախկին «7 շրջաններ»ու միանգամայն զիջման` նոյնիսկ անկախութեան միջազգային ճանաչման դիմաց, իսկ 99.4 տոկոսը` ատոնց փուլային զիջման: Աւելին` 82 տոկոսը ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ միջազգային ճնշման ներքոյ տարածքներ տալու խնդիր ըլլայ, ապա ժողովուրդը պէտք է զէնք վերցնէ եւ պաշտպանէ այդ հողերը: Հող տուողն ալ ժողովուրդն է, հող պաշտպանողն ալ»,-գրած է ան: