image

ԱՄՆ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. կը հետեւի Քրեսենթա հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգման աշխատանքներուն

ԱՄՆ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Թորգոմ   եպս.  կը հետեւի Քրեսենթա հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ  կանգման  աշխատանքներուն

 Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան մնայուն կերպով կ՛այցելէ Քրեսենթա հովիտ եւ մօտէն  կը հետեւի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնման եւ հայկականացման նպատակով նորոգութեան աշխատանքներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր՝

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ներկայ աշխատանքներուն մէջ իրենց եզակի տեղը ունին Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնման եւ հայկականացման նպատակով նորոգութեան համար տարուող ճիգերը, որոնք կը կիրարկուին հովանաւորութեամբ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ՝ այս առիթով մասնագէտներով կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը եւ բծախնդիր հետապնդումով՝ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, քաջալերանքովը՝ մեր ազնիւ բարերարներու եւ բարեսէր ժողովրդեան:

Յայտնենք, որ այս ծիրին մէջ, առաջնորդ սրբազանը մնայուն կերպով կ՛այցելէ նշեալ վայրը եւ մօտէն կը հետեւի տարուած աշխատանքներուն: