image
Հրատապ լուրեր:

Առաջարկ՝ Երեւանի փողոցներէն մին Շուշի անուանելու վերաբերեալ

Առաջարկ՝ Երեւանի փողոցներէն մին Շուշի անուանելու վերաբերեալ

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցի հետ կապուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Երեւանի երիտասարդական կազմակերպութիւնը (Երեւանի խորհուրդ) կը կազմակերպէ ստորագրահաւաք՝ Երեւան քաղաքին մէջ Շուշիի փողոց անուանակոչելու պահանջով: 

«Տեղեկացնում ենք Ձեզ, որ ստորագրահաւաքը կազմակերպուելու է ամբողջ քաղաքում՝ բոլոր վարչական շրջանների մեծ զբօսայգիներում, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի: Նախատեսւում են նաև հանրային քննարկումներ: Ստորագրահաւաքն իրականացուելու է նաեւ առցանց հարթակում:

Միաժամանակ յայտնում ենք, որ ստորագրահաւաքի ամփոփումից յետոյ դիմելու ենք Երեւանի քաղաքապետարան՝ գործընթացն ամբողջութեամբ իրականացնելու համար», կ'ըսուի կազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: