Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան քննադատած է Յունաստանը՝ խախտելու համար Լոզանի համաձայնագիրը , որով գրեթէ մէկ դար կը համակարգուի երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Այս մասին յայտնած է AP լրատուական գործակալութիւնը:
Լոզանի պայմանագրի 99-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ տարածուած յայտարարութեան մէջ Էրտողան պաշտօնական Աթենքը մեղադրած է յունական Թրակիա շրջանին մէջ իսլամ փոքրամասնութեան իրաւունքներու ոտնահարման մէջ։ Թրակիոյ իսլամները կը կազմեն գաւառի բնակչութեան մօտ 32 տոկոսը եւ բաղկացած են էթնիք թուրքերէ, գնչուներէ եւ պուլկարախօսներէ։
«Համաձայնագրին մէջ ամրագրուած պայմանները, յատկապէս թրքական փոքրամասնութեան իրաւունքները, կ'անտեսուին կամ միտումնաւոր կը մաշուին։ Մեր երկիրը չի կրնար ընդունիլ այս իրավիճակը, որն անհամատեղելի է բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ պայմանագրին հաւատարմութեան հետ»,-ըսած է Էրտողանը։
1923 թուականի պայմանագիրը ստորագրուած է՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք դաշնակիցներու, այդ շարքին՝ Յունաստանի հետ Թուրքիոյ վէճերը լուծելու համար։
Երկիրներու միջեւ կատաղի հակամարտութենէն ետք վերոնշեալ պայմանագրով կը սահմանուէր Յունաստան մնացած իսլամ փոքրամասնութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներու իրաւունքները: Այն նաեւ կը սահմանէր՝ Թուրքիոյ ափերու մօտ գտնուող Եգէական ծովու կղզիներուն մէջ յունական տիրապետութեան պայմանները։
Պաշտօնական Անգարան վերջերս դժգոհած էր, որ Յունաստանը խախտած է պայմանագիրը՝ ռազմականացնելով կղզիները։ Աթենքը պնդած է, որ կը գործէ միջազգային իրաւունքին համապատասխան եւ կը պաշտպանէ իր տարածքը թրքական մշտական թշնամութեան պայմաններուն մէջ:
Ուրբաթ օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած էր Թրակիոյ մէջ իսլամական փոքրամասնութիւններու չորս դպրոցներու փակումը, ըսելով, որ այդ կը վկայէ Յունաստանի կառավարութեան «խտրական եւ պատժիչ քաղաքականութեան» մասին։
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է մեղադրանքները՝ ըսելով, որ դպրոցներու աշխատանքը դադրեցուած է, քանի որ անոնց աշակերտութեան թիւը նուազագոյն շեմէն ցած է: