Թուրքիոյ Անթալիա նահանգի Մանաւկաթ շրջանին մէջ հանրակառք մը վթարի ենթարկուած է, որուն մէջ եղած են Ռուսիայէն եւ Պելառուսիայէն մեկնած զբօսաշրջիկներ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «IHA» գործակալութիւնը:
«Վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած ճանապարհափոխադրային պատահարի հետեւանքով միքրօ-կառքը, որ պէտք է ռուս եւ պելառուս զբօսաշրջիկներ Ալանիայի հիւրանոցներէն հասցնէր Անթալիոյ օդակայան, վթարի ենթարկուած է Մանաւկաթի օղակաձեւ ճանապարհի կամուրջի հանգոյցի մուտքի մօտ»,—ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ գործակալութեան՝ մեքենան բախած է պեթոնէ սիւնի, հարուածն այնքան ուժեղ եղած է, որ հանրակառքի դիմային հատուածն ամբողջութեամբ ջարդուփշուր եղած է։
Տեղական լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ հանրակառքին մէջ կրնար ըլլալ մօտ 20 ուղեւոր՝ Ռուսիոյ 16 եւ Պելառուսիոյ 4 քաղաքացի: Անոնց տեղափոխած են մօտակայ հիւանդանոցներ։ Տուժածներու ճշգրիտ թիւը չէ նշուած։ Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է։