Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ն պատրաստ են կրկին հանդիպելու Ռուսաստանի հետ եւ հաւատարիմ են դիւանագիտութեան եւ փոխադարձ երկխօսութեան շարունակման: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը՝ ամփոփելով պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի հեռախօսազրոյցը:
«Միացեալ Նահանգներն ու ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցները միասնական են դիւանագիտական ճանապարհով յառաջ ընթանալու հարցով», նշած է Փրայսը՝ կոչ ընելով Ռուսաստանին՝ քայլերու ձեռնարկելու Ուքրանիոյ հետ սահմանին լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցած են Յունուար 10-ին՝ Ժընեւի մէջ, իսկ Յունուար 12-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեած է Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստը: