image
Հրատապ լուրեր:

Ալեն Սիմոնեան-դեսպան Շիրղոլամի հանդիպած են. Քննարկուած են շրջանային հարցեր

Ալեն Սիմոնեան-դեսպան Շիրղոլամի հանդիպած են.  Քննարկուած են շրջանային հարցեր

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան փետրուար 2-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովէն:

Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհաւորած է դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնած, որ անոր գործունէութիւնը կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են միջխորհրդարանական կապերու զարգացման եւ տարածաշրջանային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն: