Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Սիմոնեանի նախագահութեամբ, մերժած է ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ, ՔԿ նախկին նախագահ Աղվան Յովսէփեանի կալանաւորումը երկու ամիսով երկարացնելու որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը։ Լուրը հաստատեց անոր փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2-ին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Արղամանեանը բաւարարած էր Աղվան Յովսէփեանի կալանաւորումը եւս երկու ամիսով երկարացնելու մասին քննիչի միջնորդութիւնը։ Պաշտպանութեան կողմը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էր դատարանի որոշման դէմ։
Աղվան Յովսէփեանին մեղադրանք է առաջադրուած է ապօրինի ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու, ենթադրեալ փողերու լուացման յատկանիշերով։