Ըստ Սուրիոյ բանակին մօտիկ մէկ բանբերին կը սպասուի, որ բանակը յառաջիկայ 48 ժամերուն յաջողի մուտք գործել Տէր Զօր: Այս մասին այսօր տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Տէր Զօրի բաւական երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած ճակատամարտը ընթացք առած է երեք հիմնական ճակատներէ:
Իր կարգին զինուորական վերլուծաբան Օմար Մահրապունի յայտարարած է, որ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին գետնի վրայ գրանցուած դէպքերը ցոյց կու տան, որ Տահէշ մեծ անկումներու մէջ է եւ ան կորսնցուցած է մօտիկ անցեալին իր տիրապետութեան տակ եղող շրջաններուն մեծ տոկոսը:
Կը նշուի նաեւ, որ իրաքեան բանակը եւս ու մասնաւորապէս Սուրիա- Իրաք սահմանային հատուածին վրայ կը պատրաստուի շօշափելի օգնութիւն ցոյց տալ Սուրիոյ բանակին: