Հասնելու համար լիբանանահայութեան կարիքներուն Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն։
Մեր ունեցած տեղեկութիւններով Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի կազմակերպած է ARM-AID-LEBANON ընդհանուր խորագրով թելեթոն- դրամահաւաք մը, որ պիտի կայացուի յառաջիկայ կիրակի օր։
Նշենք,որ սոյն նախաձեռնութիւնը առաջինը չէ, որ կը կայացուի շօշափելի աջակցութիւն ցոյց տալու լիբանանահայութեան, սակայն հաշուի առնելով այսօր Պէյրութի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կիրակի օրուան սպասուած թելեթոնը պիտի կարողանայ դրական արդիւնքներ գրանցել։