image

«Մեր ընելիքը մէկ բան է՝ ինչպէս ապրիլ այս նոր վարակին հետ...» Լիբանանահայ բուժքոյր ՝Մարիա-Դալար Թէլֆէյեան

«Մեր ընելիքը մէկ բան է՝  ինչպէս   ապրիլ  այս նոր վարակին հետ...» Լիբանանահայ բուժքոյր ՝Մարիա-Դալար Թէլֆէյեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ  բուժքոյր Մարիա Դալար Թէլֆէյեանը.

 

-Վերջին օրերուն ի՞նչ պատճառներով «Քորոնա»ի ալիքը սկսաւ բարձրանալ Լիբանանի մէջ եւ ի՞նչ են այսօր մտավախութիւնները:


Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի թիւերը սկսան նկատելի աճ գրանցել, որովհետեւ մարդիկ բնաւ չեն հետեւիր հակահամաճարակային կանոններուն՝ դիմակ չեն կրեր, ընկերային  հեռաւորութիւն չեն պահպաներ եւ բոլոր հանրային վայրերը՝ ճաշարաններ, մարզասրահներ եւ այլն կը շարունակեն գործել, աւելին՝ մարդիկ դեռ մեծ հարսանիքներ կ'ընեն, թաղումներու  կը մասնակցին, հաւաքոյթներ, ընտանեկան հաւաքներու ներկայ  կ՚ըլլան։

Ասկէ բխած մտավախութիւնները այն են, որ մենք կրնանք վարակակիրներու շատ բարձր թիւեր ունենալ եւ հիւանդանոցներուն մէջ իրավիճակը հսկողութենէ դուրս գայ, երբ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով չկարենան ընդունիլ բոլոր հիւանդները, աւելին՝ այդքան մեծ թիւով հիւանդներու հետ շփում ունեցող բժիշկները եւ բուժքոյրերը եւս կրնան աւելի շուտ վարակուիլ եւ մենք  կանգնինք բուժաշխատակազմի    թիւի նօսրացման   առջեւ։

 

 

-Գիտենք, որ Լիբանանի մէջ մեծ է տոկոսը անոնց, որոնք քաղցկեղէ կը տառապին. արդեօք «Քորոնա» ժահրը ազդե՞ց, որ քաղցկեղէ տառապող հիւանդները շուտ մահանա՞ն, եղա՞ւ այդպիսի բան:


«Քորոնա» ժահրի սկզբնական շրջանին շատ մը հիւանդներ, յատկապէս քաղցկեղէ տառապողներ, կը վախնային հիւանդանոց այցելելու: Սակայն քաղցկեղէ տառապող հիւանդները հետեւողական եւ մշտական կապի մէջ ըլլալով իրենց բժիշկներուն հետ, նման խնդիրներ չունեցան, մանաւանդ, որ հիւանդանոցներուն մէջ քաղցկեղի հիւանդներուն առանձին յարկ յատկացուած է, ուր ուրիշ հիւանդութիւններէ տառապողներ մուտք չեն գործեր, եւ այդ առումով անոնց յարկը ապահով է: Ըսեմ նաեւ, որ ոչ մէկ հիւանդ իր բուժումը կը ստանայ այլ հիւանդի հաշուոյն, այսինքն բոլոր հիւանդներուն համար տեղ կայ:

 

-Ձեր կարծիքով լիբանանցիք պիտի կարողանա՞ն «Քորոնա»ի տագնապէն դուրս գալ, ինչպէս որ 5 ամիս առաջ յաջողեցան պաշարել վարակը:


Իմ կարծիքով, կառավարութիւնը եւ Առողջապահութեան նախարարութիւնը պէտք է շատ մօտէն եւ լրջօրէն հետեւին այս հարցին, մանաւանդ որ արդէն վարակակիներու թիւերը սկսած է սրըթաց աճիլ, անոնց պարտականութիւնն է հակազդման համար միջոցներ ձեռնարկել բոլոր ուղղութիւններով, սկսած օրինակ դպրոցներէն, համալսարաններէն, ծրագրեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակուի դասաւանդման գործընթացը, նաեւ կը կարծեմ, որ շատ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն կառավարական հիւանդանոցներուն, քանի որ հիմա, ինչպէս գիտէք, երկրին մէջ ապահովագրութեան ծառայութիւնը, անկեղծօրէն, լաւ չի գործեր այս օրերուն, եւ բոլորը չեն որ ապահովագրութիւն ունին, եւ բոլոր ապահովագրութիւնները չեն որ կը ծածկեն «Քորոնա»ի ծախսերը, հետեւաբար պետութիւնը պէտք է  նեցուկ կանգնի  պետական հիւանդանոցներուն, պատրաստէ զանոնք ICU-ով, կարեւոր սարքերով, ծառայութիւններով, որպէսզի գոնէ իրենք կարենան ընդունիլ կարիք ունեցող հիւանդները, եթէ Աստուած մի արասցէ, ծանր վիճակի մէջ յայտնուինք:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը նաեւ պէտք է «լոք տաուըն» կամ մասնակի  «լոք տաուըն» յայտարարէ, բոլոր հանրային փակ տարածքները պէտք է փակուին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով սկսանք վարակակիրներու 100-էն վեր, մինչեւ 150 հասնող թիւեր տեսնել, որ նախապէս չկար: Նաեւ պէտք է յատուկ ընթացակարգ ըլլայ դուրսի երկիրներէն Լիբանան եկող մարդոց համար, պէտք է հետեւին անոնց: Ճիշդ է՝ հիմա շատ դժուար է անոնց քարանթինային շրջան պարտադրել, քանի որ հիւրանոցներու վճարները շատ բարձր են, բայց պէտք է յատուկ եւ պատշաճ կերպով հետեւին անոնց, տեղեկութիւններ տան օդակայանին մէջ, բացատրեն հակահամաճարակային կանոնները եւ պահանջեն որ լրջօրէն հետեւին, մանաւանդ եթէ պիտի երթան իրենց տուները եւ իրենց ընտանիքներուն հետ մնան:

 

-Առհասարակ, ի՞նչ կը մտածէք այս մահացու եւ աշխարհը անդամալուծող «Քորոնա»ին մասին:


Առաջին անգամը չէ, որ աշխարհի մէջ այսպիսի վարակ մը կը տարածուի, վարակը միշտ գոյութիւն ունեցած է, համաճարակն ալ միշտ գոյութիւն ունեցած է մարդկութեան կեանքին մէջ, ինչպէս՝ H1N1ը, սպանական կրիփը, նաեւ դեռ շարունակուող համաճարակները՝ HIV-ին եւ AIDS-ը: Հետեւաբար մենք պէտք է սորվինք ինչպէս «գոյակցիլ», ապրիլ  անոր հետ, մինչեւ որ պատուաստը ապահովուի բոլոր մարդոց համար եւ մինչ այդ մենք պէտք է հետեւինք ընկերային նոր կանոններու, ինչպէս՝  չձեռնուիլ, յաճախակի ձեռքը լուալ, ախտահանել, ընկերային հեռաւորութիւն պահել, դիմակ կրել խճողուած վայրերուն մէջ, մէկ խօսքով, պէտք է սորվինք ժահրին հետ ապրիլ ներկայիս: