«Եթէ երկու կողմերու միջեւ ցեխարձակումները շարունակուին, պառակտուած վիճակէն դուրս պիտի չկարենանք գալ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի շրջանակի անդամ Վարդան Նազիրեանը: Նազիրեանի կարծիքով, եթէ ներկայ հանգրուանին կուսակցութեան դիմագրաւած ընդհանուր խնդիրներու հանգուցալուծում չըլլայ, ապա կուսակցութեան ապագան կը դառնայ վտանգուած: Ան յայտնեց, որ վերջերս նախաձեռնութիւն մը կատարած է ՌԱԿ-ի երկար տարիներէ ի վեր պառակտուած վիճակին վերջ տալու եւ ներկայացուցած է գործնական առաջարկներ կուսակցութեան տագնապի լուծման համար: Գալով իր կողմէ հրապարակուած 2 կոչ-նամակներուն, Նազիրեան ըսաւ, որ իր առաջին կոչով հիւրաբար ներկայ գտնուելով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ Հայաստանի պատգամաւորական ժողովին եւ առիթը ունենալով այնտեղ սփիւռքէն ժամանած 25 ընկերներու հետ խորհրդակցելու, միտք յղացած է, որ յառաջիկայ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի յաջութեան համար նախապատրաստական աշխատանքներ իրականացուին: Անոր կարծիքով կուսակցութեան երկու բեւեռացած կողմերը փոխզիջումներու երթալով կրնան հաշտութիւն հաստատել: Ան նաեւ ըսաւ, որ իր 2-րդ նամակը վերջին ճիգ մըն է, որ բոլոր մտահոգ ընկերները արձագանգեն` այդպիսով իրեն տալով որոշ լիազօրութիւններ հաշտութեան այս գործը առաջ տանելու: «Իսկապէս, կարեւոր է գիտակցիլ մեր սիրելի կուսակցութեան ներկայ կացութիւնը, թափանցել անցեալի ու ներկայի սխալներուն մէջ եւ անոնցմէ քաղել ներկայի դասերը եւ որոշել ապագայի աշխատանքները»,-ըսաւ ան:
Մեր զրուցակիցը նաեւ նշեց, թէ ինք կոչ ուղղած է ՌԱԿ եւ ԹՄՄ բոլոր պատասխանատու մարմիններուն, յայտնելով, որ արդէն ժամանակն է վերամիաւորման ու վերականգնումի աշխատանքներուն եւ խօսքէն դէպի գործ անցնելու:
«Պէտք է միացեալ ըլլանք, քանի որ շատ ընելիք ունինք, շատ ըրած ենք, ՌԱԿ-ը 130 տարուան Արմենական կուսակցութեան շարունակութիւնն է, եւ մեր պառակտութենէն օգտուելով, այսօր ուրիշ կուսակցութիւններ մեր անցեալի վաստակով իրենք է, որ կը փառաբանուին»:
Նազիրեան յայտնեց նաեւ, որ տարիներու պառակտուածի եւ անհամաձայնութեան հիմնական պատճառը երկու կողմերու միջեւ իրար հանդէպ վստահութիւն կորսնցնելն է: Հետեւաբար, յաղթահարելու համար անվստահութեան հանգամանքը, իր կողմէ եղած երկրորդ կոչին մէջ նշուած պայմաններէն մէկը այն է, որ նախորդ քսան տարիներուն ղեկավարութեան գլուխ անցած ընկերները քաշուին եւ նոր մթնոլորտի մէջ, իրենց կողմէ առաջարկուած անուններու միջոցաւ աւելի երիտասարդ ուժեր ներգրաւելով կուսակցութիւնը իր գործերը յառաջ տանի: Մեր զրուցակիցին կարծիքով նախկին ղեկավարները վերին մարմին մը կազմելով պէտք է հետեւին իրենց յաջորդներու գործերուն եւ իրենց փորձառութենէն ելլելով թելադրանքներ ընեն: «Այս մէկը անձնական առաջարկ է, որ պատգամաւորական ժողովին մէջ պէտք է որոշուի»,- ըսաւ ան աւելցնելով, որ շատ կարեւոր է նախապէս նման հարցերու քննարկումը, որովհետեւ պատգամաւորական ժողովէն մէկ օր առաջ կարելի պիտի չըլլայ 20 տարուան վէրքի մը մասին խօսիլ, որուն բուժումը շատ դժուար է:
Պատասխանելով ՌԱԿ-ի հայաստանեան կառոյցի հետ կապի վերաբերեալ «Արեւելք»-ի հարցին, Նազիրեան բացատրեց, որ հայաստանեան կառոյցը վարչականօրէն որեւէ կապ չունի սփիւռքի ՌԱԿ-ի հետ: «Այս երկուքը անջատ կազմակերպութիւններ են, եւ որեւէ կողմ, միւս կողմը իրեն ենթարկելու մտադրութիւն չունի» ,- ըսաւ ան, նկատել տալով, որ երկու կուսակցութիւնները նոյն գաղափարախօսութեամբ կ'առաջնորդուին եւ իրար կ'օժանդակեն: Նազիրեան նաեւ յայտնեց, որ տեղին կը գտնէ նաեւ Հայաստանի ՌԱԿ-ի հետ յարաբերութիւններու եզրերու մշակման ուղղութեամբ քննարկումներ կատարելը, սակայն նախ ՌԱԿ-ի պառակտումին վերջ տալէն եւ միացեալ նոր վարչութեան մը ընտրութենէն ետք:
Այս առումով, ան յիշելով աւանդական միւս երկու կուսակցութիւններու կողմէ կեդրոններու Հայաստան փոխադրելու փաստը, յայտնեց որ այդ քայլը Սփիւռքի իրենց շրջանակներուն մէջ որոշ դժգոհութիւններու տեղիք տուած է, եւ յայտնելով իր կարծիքը ըսած է. «Իմ անձնական կարծիքն այն է, որ դժուար է մեր կուսակցութեան պարագային նման միացում մը, որովհետեւ ինչքան ալ որ ճիշդ է, թէ Հայաստանը մերն է, ՌԱԿ-ը մերն է եւ կրնանաք իրարու հետ շարժիլ, սակայն ո'չ ՌԱԿ-ը վերահասու պիտի ըլլայ սփիւռքի հիմնական հարցերուն եւ այդ ուղղութեամբ հրահանգներ արձակէ, ո'չ ալ սփիւռքեան ՌԱԿ-ը՝ Հայաստանին»:
Ան շեշտեց, որ ներկայիս Հայաստանի ՌԱԿ-ի հետ կապը յարաբերութիւններու և այլ հարցերը մէկդի պէտք է թողել, որովհետեւ «Մեր այսօրուան մտահոգութեան առանցքը կեդրոնը եւ անոր ընդդիմադիր ճակատը եւ ԹՄՄ-ի ընկերները միացեալ յայտարարի մը բերել ու միացնելն է»,- յայտնելով, որ բուն խնդիրը ԹՄՄ-ի անդամներուն հետ է: Մեկնաբանելով, որ նախապէս կեդրոնը և Թէքէեանը մէկ մարմին եղած են, որոշումները միատեղ եղած են, եւ այսօր 20 տարիէ է վեր տարբեր անձնական պատճառներով անոնք բաժնուած են, Նազիրեան ըսաւ, որ ժամանակն է, որ այլեւս նորէն հաւաքուին, աւելցնելով. «Շատեր կը կարծեն,թէ Թէքէեանի խումբը յօժար չէ բանակցելու, սակայն բարեբախտաբար ԹՄՄ-ը պատրաստ է, յուսանք Կեդրոնը՝ նոյնպէս»:
«Արեւելք»ի այն հարցումին, թէ արդեօք երիտասարդութեան կողմէ արձագանգներ կա՞ն իր հետ համագործակցելու, Նազիրեան յայտնեց, որ կան արձագանգներ եւ նոր եւ հին սերունդին պատկանող անդամներէ, էլ-նամակով եւ հեռախօսազանգերով բաւականին քաջալերական խօսքեր լսած է: Ան աւելցուց, որ այսօր բոլորին փափաքը նոյնն է. «Ոեւէ ռամկավարի որ հարցնես, թէ ինչ կը փափաքի որպէս կուսակցական, պիտի պատասխանէ միասնականոթիւն- միասնականութիւն–միասնականութիւն»:
Նազիրեան նշեց նաեւ, որ 2-րդ կոչը նոյնպէս բաւականին դրական պատասխաններու արժանացած է եւ կը յուսայ, որ այս անգամ վերջնական լուծումի մը հասնին նշելով նաեւ, որ հաւաքի օր որոշելու ժամկէտ տրուած է մինչեւ յառաջիկայ 2016 տարուան 9 Յունուարը, ըսելով, թէ «Եթէ այս անգամ ալ չհաւաքուինք, անկէ յետոյ այս ուղղութեամբ ես ըսելիք չեմ ունենար եւ կ'որոշեմ իմ յետագայ քայլերս»: Ռամկավար գործիչը նաեւ ըսաւ, թէ ինք 15 տարիէ ի վեր անձնական պատճառներով եւ այս պառակտեալ վիճակին համար է, որ հրաժարած է իրեն առաջարկուած պաշտօն ստաձնել է, եւ հիմա քանի որ կը զգայ, որ որոշ հանգամանքներ փոխուած են, ու այդ առումով ինք պատրաստ է պատասխանատուութիւններ ստանձնելու: «Յոյսով եմ, որ իմ ընկերներուս վստահութեամբ պիտի ստանձնեմ իմ պատասխանատուութիւնս, հաւատալով նաեւ, որ զիս կէս ճամբան չեն ձգեր եւ կը համաձայնին հանդիպման կայացման»:
Նազիրեան նշեց նաեւ, որ որոշ ընկերներէ ստացած է դրական պատասխաններ եւ որոշ կէտերու շուրջ առաջարկներ, սակայն տակաւին երկու կողմերն ալ պաշտօնական պատասխան մը չեն տուած: Ան յոյս յայտնեց, որ կողմերը 9 Յունուարէն առաջ իրենց կողմէ բանակցութեան մասնակցող ներկայացուցիչներուն ցանկը որոշած ըլլան:
«Անհամաձայնութեան եզրերէն մէկը կալուածներու սեփականատիրութիւն չունենալու հարցն է, ինչպէս նաեւ միայն մէկ կողմի ղեկավար աթոռի վրայ ըլլալու փաստը, հետեւաբար իմ առաջարկներուս մէջ տեղ գտած պայմանն է , որ պէտք է կուսակցութեան կալուածներուն համար միասնական համաշխարհային մարմին մը կազմուի»,- նշեց Նազիրեան, աւելցնելով, որ նոյնիսկ ոչ կուսակցական կառոյց համարուող Թէքէեանի շէնքերը պէտք է միանան եւ տարբեր երկիրներու կամ քաղաքներու մէջ ըլլալով՝ Պէյրութ, Հայաստան, Լոնտոն եւ այլն, պէտք է համագործակցին եւ ինքնագլուխ չաշխատին:
Նազիրեան յայտնեց նաեւ, որ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կարծիքը իր կոչերուն շուրջ այդ էր, որ նման գործ մը անձնական մղումով պէտք չէ ըլլար, այլ կեդրոնը ինք պէտք է ըլլար նախաձեռնողը, սակայն ան նշեց, որ իր կատարածը միայն նախապատրաստական փուլ կը համարուի, ժամանակ շահելու նպատակով, որովհետեւ ժողովի քանի մը օրը բաւարար պիտի չըլլայ բոլոր հարցերու խորքային քննարկումը իրականացնելու:
Այնուհետեւ խօսելով իրեն վստահուած պաշտօնի մասին, ան յայտնեց, որ իրեն առաջարկուած է ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին իր թեկնածութիւնը դնել ատենապետութեան պաշտօնին եւ ինք յայտնած է, որ պատրաստ է ծառայել, եթէ բոլորը պատրաստ ըլլան իրեն աջակցելու: «Ես մտաւորական չեմ, գործարար եմ, բայց 40 տարուան կուսակցական եմ, կը հաւատամ կուսակցութեան եւ միշտ պիտի մնամ անոր հաւատարիմ անդամը, անկախ այն բանէն` պաշտօն ունիմ, թէ ոչ»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ ինք այս գործն անպայման ուզած է նախաձեռնել` տեսնելէ ետք Հայաստանի մէջ ունեցած բազում հնարաւորութիւնները, աշխատանքի մեծ դաշտը: «Ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ՝ Ամերիկա, Պէյրութ եւ այլուր կատարուելիք շատ գործեր կան եւ մենք մեր դաշտը թողած, այլ բաներով ենք զբաղուած»,-ըսաւ ան`նկատել տալով. «Մեզի համար միշտ առաջնայինը համարուած է հայրենիքը, պետականութիւնը, իսկ իշխանութիւնը կը մնայ երկրորդական»: