Թորոնթոյի հայկական համայնքէն ներս հեռաձայնները անընդհատ կը հնչեն, «Բարեւ, Թորոնթոյի հայ կեդրոն» խօսքով գրասենեակի պաշտօնեաները կ'ողջունեն հայերէնով, ապա խօակցութեան խառնելով քիչ մը արաբերէն, քիչ մըն ալ անգլերէն բառեր, վարելով շտապ երկխօսութիւնները Թորոնթո հասած սուրիահայ փախստականներուն հետ: Այս մասին կը գրէ «Արմինըն Ուիքլին» յայտնելով, որ Հայ Կեդրոնը կ'օգնէ փախստական ընտանիքներու հովանաւորման հարցերու լուծման՝ հարազատ, ծանօթ, կամ նոյնիսկ անծանօթ մարդոց, որոնք կը փորձեն փախչիլ Մերձաւոր Արեւելքէն, ուր առկայ գաղթականներու տագնապը կը նկատուի համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք արձանագրուած ամենամեծ գաղթականներու ճգնաժամը: Նշեալ գրասենեակէն ներս պաշտօնավարող Լորիկ Գաթըրճեան եւ Անժէլիք Աստուրեան-Քիրիճեան, կը պատասխանեն հեռախօսազանգերուն: Անժէլիք, որ ծնած է Հալէպ եւ գաղթած՝ Գանատա, նախքան Սուրիոյ պատերազմին բռնկումը, հակամարտութեանց սկիզբէն ի վեր իր ժամանակի մեծ մասը նուիրաբերած էր կամաւոր աշխատանքի, հովանաւորութեան համաձայնագրի բաժնետէրերու (SAH) գրասենեակին հետ, օգնելով սուրիահայերուն կապուիլ իրենց հովանաւորողներուն հետ եւ դիւրացնելով անոնց դէպի Գանատա գաղթը: Թորթոնթոյի հայ կեդրոնի նախաձեռնած (SAH) գրասենեակը, որ կը գտնուի հայ կեդրոնի վերի յարկը, «Սուրբ Աստուածածին» Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄ-ի վարժարանին կից, օրական կ'ընդունի հովանաւորող անհատներու կողմէ մեծ թիւով դիմումնագրեր: Գրասենեակը բացուած էր 4 տարիներ առաջ, ուր սկսած էին օգնել իրաքեան ընտանիքներուն եւ առաջին տարին հովանաւորած էր միայն 5 անձեր, որ սակայն յետագային զարգանալով եւ 4 տարիներու ընթացքին հովանաւորներով ապահովեց 350 անձեր Գանատա հաստատուիլը: Ան միայն այս տարի Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքով ստացած է աւելի քան 2,000 դիմումնագիր, որ համահունչ է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի կառավարութեան մշակած ծրագրին, որ կը միտի մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար 25,000 փախաստականներ ընդունիլ Գանատայի մէջ: Մինչ նախորդ շաբաթ, կառավարութիւնը յայտարարած է 50,000 փախստականներ ընդունելու նոր ծրագիր, մինչեւ 2016-ի վերջը: Անժէլիք, պատմելով գրասենեակի գործունէութեան մասին, յայտնած է, որ իրենք դիմումը ստանալէ ետք, նախ կը ճշդեն անոր անսխալ ըլլալը եւ ապա կը ղրկեն գործարկութեան գրասենեակ, այնուհետեւ դիմողները կը սպասեն հարազրոյցի իրենց հերթը, որ կը վարէ կառավարութեան պաշտօնեան՝ ստանալու համար համաձայնութիւնը, նշելով, որ հարցազրոյցը կիրականացուի Յորդանանի, Թուրքիոյ, կամ Լիբաբանի մէջ: Անժելիք կ'աւելցնէ, որ փախստականներու ժամանումէն ետք անոնց կ'օգնեն բնակեցման, սոցիալական ապահովագրոթեան, բժշկական թուղթերու եւ այլ հարցերու մէջ, որ անհրաժեշտ է ապահովելու համար անոնց Գանատա կայք հաստատելուն մէջ: Գրասեանեակը նաեւ ջանք կը թափէ օգնելով սուրիացի փախստականներուն` աշխատանք ապահովելու հարցին մէջ: Այս մասին գրասենեակի միւս աշխատող՝ Լորիկ Գաթըրճեան յաայտնած է, որ բացի տարեցներէն եւ երեխաներէն, սուրիացի գրեթէ բոլոր փախստականներ, առաջին շաբաթէն իսկ ապահոված են աշխատանքով: «Նուազագոյն աշխատավարձով աշխատանքներ են անոնք, բայց եւ այնպէս սկիզբ մըն է: Անոնք մթերային խանութներու մէջ հաշուապահական գործ կ'ընեն, կամ հրուշակեղէնի խոհարարութիւն՝ միջին արեւելեան խոհանոցներու մէջ, կամ մատուցողներ՝ միջերկրական ճաշարաններու մէջ»,- աւելցուցած է Գաթըրճեան, նշելով, որ բացի այդ, համայնքի հայկական դպրոցը (ARS) փախստականներու երեխաներուն դպրոցի առաջին տարուան ուսումը կ'ապահովէ անվճար կարգով: Աղբիւրը կը նշէ, որ հովանաւոր կողմը պատասխանատու է ապահովել իր հովանաւորած անձի կամ ընտանիքի մէկ տարուան ապաստարանի վարձքը, երթեւեկութիւնը, սնունդը եւ հագուստը: «Toronto Star»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ մէկ անձի հովանաւորման տարեկան ծախսը գնահատուած է 12,000 տոլարով: Հովանաւոր կողմը պէտք է նաեւ վստահեցնէ իր հովանաւորած փախստականին Թրոնոթօ մնալը՝ գոնէ առաջին տարուան ընթացքին: 11 Դետկեմբերին շուրջ 90 սուրիահայեր ժամանած են Թորոնթոյի «Pearson» միջազգային օդակայան, ուր վարչապետ Թրատույի եւ Օնթարիոյ վարչապետ Քաթլին Ուայն ողջունած են զիրենք եւ տրամադրած ձմեռնային հագուստ եւ այլ պիտոյքներ: Այնուհետեւ նոր հասած փախստականները տեղափոխուած են հայ կեդրոն՝ հանդիպելու իրենց հովանաւորներուն եւ հարազատներուն հետ: Աւելի ուշ, քանի մը յաւելեալ կառավարութեան կողմէ հովանաւորած օդանաւներ հասած են Գանատա, տեղափոխելով ապահով կեանք փնտռող սուրիացի փախստականները, որոնց մէջ կան նաեւ մեծ թիւով հայեր:
