«Կիւլապի Կիւլպէնկեան հաստատութիւն»էն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զորս կը հրապարկենք ստորեւ:
«Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ, «Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ը հալեպահայութեան մասնաւորապէս, ու սուրիահայութեան ընդհանրապէս, եղաւ բարիք մը մանաւա՛նդ գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքէն ներս:
Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր, առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ այսօր անոնք ակնածանքով կը յիշեն անոր կատարած բարեսիրական մեծ գործը: Դժբախտաբար, սուրիական պատերազմին հետեւանքով, «Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ն ալ,ի շարս ազգային այլ հաստատութիւններուն, ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս փակել իր դռները: Վերջին քանի մը տարիներուն «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան մայրանոց»ը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ վայր մը ըլլալով հայաշատ թաղամասին մէջ, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը հայ ծերանոցի տարեցներուն համար, քանի որ պատերազմի պատճառով ծերանոցի շէնքը ռմբակոծուած եւ վնասուած էր:
«Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան» տնօրէն խորհուրդը Դեկտեմբերի 25, 2015-ին, հայտարարած է համայն հալեպահայութեան, որ «Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ը, բարեսիրական հիմնարկ մը, դարձեալ կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան, վերահաստատելով շէնքին առաջին յարկը իբրեւ հիւանդանոց: Նաեւ, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան» տնօրէն խորհուրդի որոշումով, ժամանակաւորապէս իր համալիրին մէջ ապաստան տալով հանդերձ պիտի շարունակէ իր դռները բաց պահել մեր տարեցներուն առջեւ, մինչեւ բարի աւարտը տխուր պատերազմին եւ անոնց վերադարձը դէպի հայ ծերանոցի շէնքը:
Հալեպի մեջ, հաստատութեան եւ համալիրին լիազօր ներկայացուցիչ Պրն. Օհաննէս Օհաննէսեան շուտով պիտի ձեռնարկէ վերաբացումին նախնական աշխատանքներուն, որպէսզի մայրանոցը վերագտնէ իր անցեալի հմայքը եւ վերընդունի մայրերը իր հիւանդանոցէն ներս:
«Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ի վերաբացումը յոյս, անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ աշխատավայր կը հայթայթէ Հալեպի բնակիչներուն:
Շուտով հալէպահայութեան ուշադրութեան պիտի յանձնուի նոր զարգացումները «Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ին հետ կապուած: Մինչ այդ, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութիւն»ը կը շնորհաւորէ Նոր Տարին եւ մնայուն խաղաղութիւն կը մաղթէ Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ հալէպահայութեան: