Ըստ «Արեւելքի» Լիբանանի աղբիւրներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած է 11 հայ, 250 ալ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած է: Անոնք եղած են Լիբանանի զանազան շրջաններու բնակիչներ, սակայն պայթումի պահուն եղած են քաղաքի կեդրոնը, որ շատ մօտ է ծովափին:
Հայ զոհերու մեծ մասին անունները արդէն յայտնի են.
Նազար Նաճարեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Տելիա Փափազեան, Ժագ Բարամագեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կոզուպէօուքեան, Վարուժան Թոսունեան, Գայա Ֆոտուլեան, Սարգիս Թէքիրեան: Միւս զոհերու անունները դեռ յայտնի չեն: Կան նաեւ անհետ կորած հայեր, որոնցմէ թէ՛ հարազատները, թէ՛ իրաւապահները դեռ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին:

Նազար Նաճարեան

Ճեսիքա Պէզճեան

Գայա Ֆոտուլեան

Տելիա Փափազեան

Ժագ Պարամագեան

Լիզա Գաւուքճեան-Կոզուպէօուքեան
Վարուժան Թոսունեան
Անահիտ Պէրպէրեան
