«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ հասարակական գործիչ Տիկն. Անի Սարեան.
-Ներկայիս ի՞նչ են Հալէպի մէջ առկայ դժուարութիւնները։
Հալէպի մէջ ներկայիս հիմնական տնտեսական վիճակն է ծանր եղողը: Իմ օրինակովս եթէ ըսեմ, ես նախքան պատերազմը իմ անձնական գործս ունէի՝ ոսկերչական խանութ էր, եւ այսօր 8 տարի է արդէն անգործ եմ, խանութս կորսնցուցի, որովհետեւ ահաբեկիչներու ներխուժած շրջանի սահմանին կը գտնուէր, շատ ծանր վիճակ անցուցած եմ: Բայց նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, միշտ ցուցահանդէսներու միջոցաւ եւ ներկայիս ալ տանս մէջ յաճախորդներ ունենալով գործս առաջ տարած եմ. արդիւնքը փայլուն չէ անշուշտ, խանութի օրերուն նման, բայց կարեւորը որ գոյատեւած ենք:
Բոլորին խնդիրը նոյնն է այսօր, պատկերացուցէք եթէ պատերազմէն առաջ պաշտօնեայի մը ամսականը 500 տոլար կը կազմէր, այս այդ նոյն դրամին արժէքը 10 տոլար է, 10 տոլարով պաշտօնեան ինչպէս կրնայ ապրիլ, տուն պահել, անհնար է:
3 ամիս առաջ շատ լաւատես էինք, մինչեւ Իտլիպ հասնելու յոյս կար այդ ատեն, բայց երբ այս «Քորոնա»ի հարցը ծագեցաւ, ամէն ինչ կանգ առաւ, սահմանները փակուեցան եւ նիւթական տագնապը սրեցաւ, դարձեալ յուսահատութեան մատնելով մարդոց, բայց նորէն ալ բոլորս լաւատես ենք, քանի որ անգամ մը որոշած ենք մնալ այստեղ, պիտի շարունակենք մեր կեանքը ամէն ձեւով:
-Տարբեր անհատներ եւ գործիչներ խօսելով Հալէպի այսօրուան դրութեան մասին, կ՚ըսեն, որ ներկայիս իրավիճակը աւելի ծանր է քան պատերազմական օրերու իրավիճակը: Համաձայն է՞ք այդ մտքին հետ, եթէ այո, ապա ի՞նչ են պատճառները։
Պատերազմի օրերն ու ներկայ վիճակը չենք կրնար համեմատել: Պատերազմին մենք շատ ծանր օրեր ապրեցանք, վստահ եմ բոլորդ ալ տեղեակ էք, ամիսներով լրիւ ելեկտրականութիւն չունէինք, ջուրի հարց ունէինք, առաւել այդ զարկերը, որ կ'ըլլային բնակելի թաղամասերուն վրայ, իմ թաղիս մէջ գոնէ 5 հոգի մահացած է իմ աչքիս առջեւ, բայց ներկայիս այդպէս չէ, հետեւաբար այդ ծանր օրերը եւ ներկան չի կրնար համեմատուիլ. Ներկայիս, ինչպէս ըսի, մենք միայն տնտեսական ծանր վիճակի մէջ ենք, ապրուստ ապահովելու դժուարութիւն ունինք, ամէն ինչ ահռելի կերպով սղած է, օրինակի համար բան մը որ գինը առաջ 100-200 սուրիական էր, այսօր 4000-5000ի հասաւ, այդ թիւերուն շատ դժուար է համոզուիլ, նամանաւանդ նիւթական չունեցողի պարագային:
-Ի՞նչ կրնաք ըսել ներկայիս հալէպահայ համայնքի մշակութային առօրեային մասին, աշխուժութիւն կա՞յ եւ այդ մէկը յոյս կը ներշնչէ ձեզի։
Ներկայ պայմաններուն, Հալէպի մէջ բոլոր միութիւններն ալ, անխտիր, իրենց աշխոյժ կեանքը ունին, բայց այն չենք կրնար համեմատել նախկինին եղած կեանքին հետ, որովհետեւ նախ քանակի առումով շատ պակսած է գաղութի թիւը, եթէ դպրոց մը 1600 աշակերտ ունէր, հիմա նոյն դպրոցը շուրջ 400 աշակերտ ունի, ալ կրնաք պատկերացնել միութեան անդամութեան թիւի վիճակը: Իմ մօտ հարազատներուս պարագային, կրնամ ըսել 20 տուն արդէն փակուած է, սկսեալ իմ զաւկէս, որ հեռացաւ պատերազմի պատճառով, բայց այս ամէնը չի նշանակեր որ մշակութային կեանք չկայ:
Մենք նոյնիսկ պատերազմի օրերուն շատ լաւ մշակութային կեանք ունեցանք, որեւէ բան չդադրեցաւ, ես մանկութենէս ՀԵԸ-ի զաւակ եղած եմ, տարբեր յանձնախումբերու մէջ գործած եմ, պատերազմի շրջանին ՀԵԸ-ի տիկնանցի ատենապետ եղած եմ, շատ լաւ ձեռնարկներ կազմակերպած ենք, ըլլայ մենք, ըլլայ մարզական շարժումը, ըլլայ թատերախումբը, միեւնոյն ատեն թատերականի վարչական եմ եւ դերասանուհի. պատկերացուցէք այդ ծանր օրերուն տարեկան երկու փիէս կը ներկայացնէինք եւ հիւրախաղերով հասանք մինչեւ Երեաւն, 3 ելոյթ ունեցանք Մալեան սրահին մէջ, եւ մէկ ելոյթ՝ Գիւմրիի մէջ, շատ լաւ ընդունելութիւն գտաւ, եւ այդ փիէսը բեմադրած էինք նոյնիսկ Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ:
-Հայութեան ապագան ձեր կարծիքով վտանգուած է Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ, ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։
Հալէպի մէջ հայութեան ապագան վտանգուած չէ, այսքան տարի է մենք հայերս հոս կ'ապրինք եւ որեւէ մէկ նեղութիւն չենք ունեցած, եւ կը կարծեմ որ չենք ալ ունենար, քանի ներկայիս այս կառավարութիւնը կայ: Հայը միշտ յարգուած եւ պատւուած է, ուր որ ալ գացած է, որովհետեւ աշխատասէր ժողովուրդ եղած է եւ բնականաբար Սուրիոյ մէջ ալ նոյնն էր ու նոյնը պիտի մնայ։