image

Հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ

Հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ

Հալէպի մէջ, երեքշաբթի 9 մայիսին, Ճամիլիէ շրջանի «Ալ-Ասատ» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի, «Միասին ահաբեկչութեան դէմ» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Պաըս կուսացութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար ՖատըլՆաճճարի եւ Լրագրողներու Միութեան հովանաւորութեամբ, համագործակցութեամբ՝ Հալէպի գեղարվեստական նկարիչներու Միութեան:

Մանուէլ Քէշիշեան անդրադառնալով այս ցուցահանդէսին, իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է.-


«Զաւէնի նկարները մեզի միայն գեղագիտական հաճոյք չէ որ կը պատճառեն այսօր: Այս նկարները զէնք դարձած են այսօր մեր ձեռքին՝ ամենամարդկային եւ ամէնէն ազնիւ զէնքը՝ ամէնէն անմարդկային եւ ամէնէն անմարդկային շրջապատին մէջ:


Զաւէնը, քանդումի դէմ կառուցող, ատելութեան դէմ սէր ծնող այս զէնքը դարձուցած է բոլորիս սեփականութիւնը: Եկէ՛ք այս զէնքով կռուինք, այս զէնքը ծանօթացնենք մեր արաբ բարեկամներուն, անոնց ալ սորվեցնենք որ կռուելու այլ ձեւեր ալ կան՝ արուեստը՝ մարդկային քաղաքակարթութեան գերագոյն ստեղծագործութիւնը:


Զաւէն նկարիչը, մարդը՝ դպրոցի մը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հաստատութեան մը դերը կը կատարէ, այցելենք իր դպրոցը՝ ամէն մէկս մեզի հետ տանելով արաբ բարեկամ մը:


Ես քանի մը արաբ բարեկամներ պիտի տանիմ հետս Զաւէնի ցուցահանդէսին»: