image

Արցախ. Բացուած է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ցուցանակ

Արցախ.  Բացուած է  հայ-ֆրանսական  բարեկամութեան ցուցանակ

ԱԺ նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Տեսիէն 11 սեպտեմբերին Ստեփանակերտ քաղաքի Ազատամարտիկներու պուրակին մէջ բացումը  կատարած  են Արցախի եւ Ֆրանսայի բնակավայրերու միջեւ բարեկամութեան ցուցանակին։

Ողջունելով ներկաները,  Աշոտ Ղուլեանը յոյս յայտած է, որ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ցուցանակը պիտի լրացնեն Արցախի հետ Ֆրանսայի միւս քոյր քաղաքները եւս:

«Կը շնորհաւորեմ Արցախ-Ֆրանսա համագործակցութեան հերթական խորհրդանիշի  բացման  առիթով եւ յարատեւութիւն կը մաղթեմ մեր բարեկամութեանը», -նշած է խորհրդարանի ղեկավարը: