image

«Ղարաբաղի դէմ յարձակումը, մենք Հայաստանի դէմ յարձակում կը համարենք» Վարչապետը պատասխանեց Ատրպէյճանցիի հարցումին

«Ղարաբաղի դէմ յարձակումը, մենք Հայաստանի դէմ յարձակում կը համարենք» Վարչապետը պատասխանեց Ատրպէյճանցիի հարցումին

Գերմանիոյ մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է Ֆրիտրիխ Էպերթ հիմնադրամէն ներս կայացած քննարկման մասնակիցներու հարցերուն։ Գերմանիոյ մէջ ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչը հարց ուղղած է Նիկոլ Փաշինեանին ԼՂ հակամարտութեան առնչութեամբ․

«Ես Ձեզի կը համարեմ շատ մեծ ժողովրդավար, երբ Դուք եկաք իշխանութեան, շատերն Ատրպէյճանի մէջ այն կարծիքին էին, որ Դուք այլեւս Ղարաբաղը չէք ներկայացներ, շատերը յոյս ունէին, որ Դուք կարեւոր քայլեր կը ձեռնարկէք նաեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ, օրինակ, ըսենք, Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներէն» հայկական զօրքերու դուրսբերման տեսքով, ցաւօք, այն տեղի չունեցաւ։ Անկէ ետք հնչեց Ձեր կողմէ՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է, եւ վերջ» արտայայտութիւնը։ Ի՞նչ կ'ընէք այդ յոյսի հետ, պարո՛ն Փաշինեան»։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանեց, որ միակողմանի գործողութիւններով հնարաւոր չէ հարցը լուծել.

«Դուք կ'ըսէք տարածքներ, Ատրպէյճանի մէջ շատ կը սիրեն խօսիլ տարածքներու մասին, բայց շատ կարեւոր է հասկնալ, որ մենք կը խօսինք անվտանգութեան մասին, երկրի մը մէջ, ուր մարդը կը հերոսացնեն հայ սպաննած ըլլաուն համար»։

Նիկոլ Փաշինեանը ներկաներուն պատմած է Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ  հայ սպան քնացած ժամանակ կացնահարելու մասին՝ ընդգծելով, որ Հունգարիոյ մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած ատրպէյճանցի սպան ազատ արձակուած է Ատրպէյճան արտայանձնուելէն ետք, աւելին՝ անոր հերոսացուցած են։

«Անվտանգութեան գօտին, որուն մասին կը խօսին Ատրպէյճանի մէջ, այս տրամաբանութեան պատճառով գոյացած է, որովհետեւ  խաղաղ բնակավայրերը կը ռմբակոծէին Ատրպէյճանի կողմէ։ Երբ կ'ըսեն տարածք, մենք կ'ընկալենք անվտանգութիւն։ Ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ ԼՂ-ն պատրաստ չէ զիջելու իր անվտանգութիւնը։ Այս իրավիճակի լուծումը կրնայ կապուած ըլլալ անվտանգութեան երաշխիքներու բացակայութեան հետ»։

Ինչ կը վերաբերի «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ» արտայայտութեան, Նիկոլ Փաշինեանը նշեց․

«Մենք ըսեր ենք, որ Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը մենք կ'ընկալենք որպէս յարձակում Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ։ ՀՀ-ն Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորն է, եւ ասով ամէն ինչ ըսուած է»։

Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ առաջին հանդիպումէն ետք շփման գիծին լարուածութիւնն աննախադէպ ցած մակարդակի է․

«Մենք որեւէ կառուցողական քայլ Ատրպէյճանի կողմէ 1.5 տարուան ընթացքին բանակցային գործընթացին չենք տեսած, բայց միւս կողմէ, կ'ուզեմ գնահատել այն իրավիճակը, որուն յաջողած ենք Ալիեւի հետ հասնիլ 2018-ի սեպտեմբերէն ի վեր։

Ես մեծ յոյս ունիմ, որ կառուցողական քննարկումներու շնորհիւ մենք կը յաջողինք ոչ միայն պահպանել այս համեմատաբար կայուն եւ հանդարտ իրավիճակը, այլեւ առաջ շարժիլ դէպի իրական կարգաւորում»։