image

Զախարովա «անընդունելի» որակած է Մաքրոնի յայտարարութիւնները

Զախարովա «անընդունելի»  որակած է Մաքրոնի յայտարարութիւնները

Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան այսօր մեկնաբանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանյուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ դերի մասին։

«Աղաղակող եւ բացարձակապէս անընդունելի կը համարենք Մաքրոնի յայտարարութիւններն այն մասին, թէ իբր Ռուսիան կ'օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասը ապակայունացնելու համար։

Նման յարձակումները կը վկայեն Ուքրանիայէն առճակատման տրամաբանութիւնը յետխորհրդային տարածքի այլ հատուածներ, այդ շարքին՝ Հարաւային Կովկաս տեղափոխելու փորձերու մասին։ Ֆրանսայի նախագահի անհեթեթ յերիւրանքները կը վկայեն, որ Փարիզը հետաքրքրուած չէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատմամբ եւ կասկածի տակ կը դնէ Ֆրանսայի կարողութիւնը կառուցողական դեր խաղալու այնտեղ»,- ըսած է Զախարովան։

«Փարիզի փորձերը սեպ խրելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ դատապարտուած են ձախողման եւ պիտի յանգեցնեն միայն տարածաշրջանի մէջ Ֆրանսայի յեղինակութեան հետագայ արժէզրկման»,- աւելցուցած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։