Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի Արտաքին ցործոց նախարարութեան աջակցութեամբ, Յունաստանի կառավարութիւնը Հայաստանին նուիրաբերած է ամերիկեան «Մոտերնա» ընկերութեան «Սփայքվաքս» դեղաչափի 35 հազար պատուաստանիւթ, որ առաքուած է Հայաստան:
Նուիրաբերութիւնը իրականացած է Եւրոպական միութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան մեքանիզմի եւ «Եւրոպայի խումբ»ի միջոցով:
Դեսպանութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, թէ երախտապարտ է եղբայրական Յունաստանին այս առաջարկութեան համար: