image

Ըստ Ղուլեանի «Ամէն ինչ ընել Արցախ վերադառնալու համար»

Ըստ Ղուլեանի «Ամէն ինչ ընել Արցախ վերադառնալու համար»

Կ՚ուզեմ շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, որ մենք փառահեղ ճանապարհ անցած ենք եւ ունինք այդ ներուժը նորէն մեզ վերագտնելու եւ ազատագրական պայքարի նոր փուլ սկսելու համար։ Այս մասին ՀՀ-ի մէջ Արցախի ներկայացուցչութենէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեանը։

Հարցին՝ արցախցիներու վերադարձն Արցախ ինչ ճանապարհով կը տեսնէ եւ ինչ պէտք է ընել ատոր համար, նախկին պաշտօնեան պատասխանած է․ «Բոլոր հնարաւոր ճանապարհներով։ Ամէն ինչ պէտք է օգտագործել»։

Տեղեկացնենք, որ Արցախի ԱԺ-ն ՀՀ ներկայացուցչութենէն ներս նիստ գումարած է, իսկ այսօր կը լրանայ Արցախեան շարժման 36-ամեակը: