image

Ընտիր հօր մը յատկանիշները («Հայրերու Օր»ուան Առթիւ)

Ընտիր հօր մը յատկանիշները («Հայրերու Օր»ուան Առթիւ)

  Ընտիր հայրը դաստիարակ մըն է: Զաւակ մը իր դաստիարակութիւնը առնելու է իր տունէն եւ ո՛չ թէ փողոցէն, իր ծնողքէն ո՛չ թէ իր ընկերներէն: Եթէ տունը իրօք առաջին դպրոցն է մանուկին, ծնողք այդ դպրոցին առաջին ուսուցիչներն են: Ընտիր հայր մը իր զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլալու է: Իր վարքով ու բարքով, իր կեանքով ու կենցաղով, իր խօսքով ու գործով կոչուած է սորվեցնելու, կրթելու եւ դաստիարակելու իր զաւակները: Իր խօսքէն աւելի, իր կեանքի օրինակը, իր ամէնօրեայ կենցաղավարութիւնը պերճախօս եւ ազդու ուսուցիչ է իր զաւակներուն:

 

Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ «Հայրերու օր»ը կը տօնուի Յունիս ամսուան երրորդ Կիրակին: Թէեւ «Հայրերու օր»ը նուիրուած է բոլոր հայրերուն, բայց իրական յարգանքի ու մեծարանքի արժանի են այն հայրերը, որոնք իրենց կեանքով ու կենցաղով եղած են ընտիր հայրեր:       

Անտարակոյս, ընտանիքը մարդկային ընկերութեան կորիզն ու հիմնաքարն է: Անյիշատակ դարերէ ի վեր, ընտանեկան յարկէն ներս հայրը ունի իր դերն ու պարտականութիւնը: Պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ կրօնական եւ մշակութային շատ գաղափարներ կամ արտայայտութիւններ ծագում առած են ընտանեկան յարաբերութիւններէն: Օրինակի համար, Աստուած կոչուած է «Հայր»: Հայրութեան գաղափարը իր ազնուագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Նոր Կտակարանին մէջ:

Յիսուս հաստատեց, թէ Աստուած մեր Երկնաւոր Հայրն է: Տէրունական աղօթքին մէջ սորվեցուց, որ երբ իր աշակերտները աղօթելու ըլլան, ըսելու են «Հայր մեր որ յերկինս ես»: Յիսուսի հանրային առաջին արտայայտութիւնը տաճարին մէջ եղաւ զինք փնտռող իր ծնողաց. «Չէի՞ք գիտեր, թէ ես իմ Հօրս տունը պէտք է ըլլամ» (Ղուկ. 2.48): Իր իսկ վերջին խօսքերէն մէկը խաչին վրայ եղաւ. «Հա՜յր, քու ձեռքերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս» (Ղուկ. 23.46):

 

Ի՞նչ են յատկանիշները ընտիր հօր մը.

Առաջին. ընտիր հայր մը կը հայթայթէ իր զաւակներուն պէտքերը: Ան իր ընտանիքին խնամքն ու հոգածութիւնը ստանձնած է որպէս տան գլուխը: Ան իր ընտանիքին ուտելու, հագուելու եւ բնակարանի կարիքները հոգացող մէկն է: Մանուկներ պէտք ունին հոգատարի մը: Այն ինչ որ կը վայելեն իրենց հօրմէն պարգեւ մըն է իրենց: Հայր մը սիրայօժար կը հայթայթէ իր զաւակներուն կարիքները:

Երկրորդ. ընտիր հայր մը կը սիրէ իր զաւակները: Հօր մը պարտականութիւնը ոչ միայն հայթայթել է, այլ նաեւ սիրել իր զաւակները: Սէրը լայն տարողութիւն ունի: Ընտիր հայր մը իր զաւակներուն հետ ժամանակ կ՛անցնէ, անոնց սրտակից կ՛ըլլայ: Հայրեր կան, որ նոյն երդիքի ներքեւ կ’ապրին բայց օտարականներու պէս են: Հայր եւ զաւակ անկարեկիր եւ անհաղորդ են իրարու նկատմամբ, օտար են իրարու զգացումներուն: Անոնք իրարու հետ խօսելիք նիւթ չունին, որովհետեւ հոգեկան կապ գոյութիւն չունի իրարու միջեւ: Ընտիր հայր մը իր ժամանակէն մաս մը կը յատկացնէ իր ընտանիքի ժամանցին եւ վայելքին համար:

Ընտիր հայր մը կը գնահատէ եւ կը քաջալերէ իր զաւակները ինչպէս նաեւ երբ անոնք սխալներ գործեն կը սաստէ եւ կը պատժէ զանոնք, իրենց գործած յանցանքներուն համար: Երբ զաւակներ յաջողութիւն արձանագրեն հայր մը կը գնահատէ զանոնք թէ՛ խօսքով եւ թէ գործնական քաջալերութեամբ: Գնահատանքն ու քաջալերութիւնը ինքնավստահութիւն կը ներշնչեն մանուկներուն: Ի զուր չէ, որ Յիսուս պատուիրեց. «Ուշադիր եղէք, որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը» (Մատթ. 18,14): Գնահատանքի եւ քաջալերանքի կողքին, տան մէջ կան նաեւ կարգապահական հարցեր: Զաւակներու կարգապահութեան վրայ հսկելը մօր մը գործը չէ միայն, այլ նաեւ հօրը: Հին օրերուն, մայր մը տանտիկին էր եւ ամբողջ օրը իր տան մէջ կ՛անցներ, իր մանուկներուն հետ: Սակայն, արդի ժամանակներուն մեծ թիւով մայրեր գործի աշխարհի մէջ են՝ նիւթապէս օժանդակելու իրենց տան ծախսերուն: Եթէ նոյնիսկ մայր մը իր զաւակներուն հետ է օրուան մեծ մասը՝ կարգապահութեան հարցը միայն իր պարտականութիւնը չէ, այլ նաեւ իր ամուսնոյն, զաւակներուն հօրը:

Երրորդ. ընտիր հայրը դաստիարակ մըն է: Զաւակ մը իր դաստիարակութիւնը առնելու է իր տունէն եւ ո՛չ թէ փողոցէն, իր ծնողքէն ո՛չ թէ իր ընկերներէն: Եթէ տունը իրօք առաջին դպրոցն է մանուկին, ծնողք այդ դպրոցին առաջին ուսուցիչներն են: Ընտիր հայր մը իր զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլալու է: Իր վարքով ու բարքով, իր կեանքով ու կենցաղով, իր խօսքով ու գործով կոչուած է սորվեցնելու, կրթելու եւ դաստիարակելու իր զաւակները: Իր խօսքէն աւելի, իր կեանքի օրինակը, իր ամէնօրեայ կենցաղավարութիւնը պերճախօս եւ ազդու ուսուցիչ է իր զաւակներուն:

Ըստ կարգ մը մանկավարժներու, մանուկ մը մինչեւ երեք տարեկան իր կրթութեան մեծ մասը ստացած կ՛ըլլայ: Եւ այդ կրթութիւնը առաւելաբար տան մէջ տեղի կ՛ունենայ: Տան հայրը, մօր հետ գործակցաբար, դաստիարակութիւն կը ջամբեն իրենց մանուկին: Աստուծոյ խօսքը կը պատուիրէ, որ զաւակները կրթուին, դաստիարակուին իրենց մատղաշ տարիքին: Այսպէս կը գրէ առակագիրը. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի երբ ծերանայ անկէ չշեղի» (Առակաց 22.6):

Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, հայր մը կարեւոր դեր ունի տան մէջ: Անոր պարտականութիւնն է կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել իր զաւակներուն: Մովսէսի բերնով Աստուած այսպէս կը յայտարարէ. «Այս խօսքերը, որ այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան. զանոնք կրկնելով սորվեցուր որդիներուդ. անոնց մասին խօսէ երբ տունը նստած ես եւ ճամբադ կը քալես, երբ կը պառկիս կամ կ՛ելլես» (Բ. Օրինաց 6.6-7):

Դաստիարակութեան համար երկու կարեւոր վարքագիծեր կան՝ քաջալերանք եւ յանդիմանութիւն. այլ խօսքով, վարձատրութիւն եւ պատիժ: Երկուքն ալ անհրաժեշտ են: Ոմանք կը կարծեն, թէ միայն իրենց զաւակները վարձատրելով, քաջալերելով անոնց ներողամիտ ըլլալով՝ զանոնք կը դաստիարակեն: Ասոր միւս ծայրայեղութիւնն ալ այն է, որ մարդիկ կ՛աշխատին խստութեամբ եւ ժխտական մօտեցումով դաստիարակել իրենց զաւակները: Այս երկու ներհակ միջոցները հաշտեցնել ծնողքի մը, կամ հօր մը իմաստութեան կը կարօտի:

Ընտիր հայր մը իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը կ՛առնէ իր Երկնաւոր Հօրմէն: Որքան որ Աստուծոյ սէրը զօրանայ իր ներսիդին, այն աստիճան կրնայ օրինակելի եւ գիտակից հայր մը ըլլալ:

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան