image

Վրաստան պիտի մասնակցի «3+3» ձեւաչափին. Ամերիկացի դիւանագէտէն դիտարկում

Վրաստան պիտի մասնակցի «3+3» ձեւաչափին. Ամերիկացի դիւանագէտէն դիտարկում

Ռուսաստանը պէտք է յարգէ 2008 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, որ ընդունուած է վրաց-ռուսական պատերազմէն յետոյ։ Այս մասին ըսած է Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Վրաստանը պէ՞տք է մասնակցի «3+3» ձեւաչափին՝ Վրաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Ռուսաստան, Իրան եւ Թուրքիա:

«Ինչ կը վերաբերի «3+3» ձեւաչափին, կը փափաքէի նշել, որ Ռուսաստանը, որ գրաւած է Վրաստանի տարածքին 20 տոկոսը, պէտք է յարգէ 2008-ին կնքուած համաձայնագիրը՝ նախքան նոր հարթակի մասին խօսիլը։ Նախքան Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ համագործակցութեան մասին խօսիլը՝ անոնք պէտք է ամրապնդեն տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», ըսած է ան։