Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ժամանած է երկրի հիւսիս, ուր անտառային ուժեղ հրդեհներ սկսած է Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման կողմէ հրթիռակոծումէն ետք։ Այս մասին գրած է Bild թերթը:
«Ով կը կարծէ, որ կրնայ մեր դէմ ինչ-որ բան ընել, եւ մենք ձեռքերը ծալլած կը նստինք, շատ կը սխալի»,-ըսած է Նաթանիահուն՝ նշելով, որ Իսրայէլ պատրաստ է «չափազանց բուռն գործողութիւններու հիւսիսի մէջ»։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրավար-լեյտենանտ Հերցի Հալեւին նոյնպէս հաստատած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը պատրաստուի լուծելու երկրի հիւսիսը «Հըզպալլա»-ի գրեթէ ամենօրեայ յարձակումներու խնդիրը։
«Մենք արդէն ութ ամիս է, որ կ՚արձագանգենք, եւ «Հըզպալլա» ատոր համար շատ-շատ թանկ գին կը վճարէ: Վերջին օրերուն այն մեծցուցած է իր ուժերը, եւ մենք պատրաստ ենք յարձակում սկսելու հիւսիսի մէջ շատ լաւ նախապատրաստուելէ ետք»,- աւելցուցած է Հալեւին։
Իսրայէլի կառավարութիւնը նոյնպէս կը պատրաստուի հիւսիսի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութեան. այսօր այն Իսրայէլի զինուած ուժերը լիազօրած է հաւաքագրուած պահեստազօրի թիւը 300-էն հասցնել 350 հազարի։
Ըստ CNN-ի՝ Միացեալ նահանգներու պաշտօնեաները մտահոգուած են, որ Իսրայէլի ցամաքային յարձակումը «Հըզպալլա»-ի վրայ մօտ է, եւ «կրնայ սկսիլ ամռան»: Այս տեղեկութիւնը հաստատած են նաեւ լիբանանեան աղբիւրներ։