image

Ուժգին դիմադրութեան հանդիպելէ ետք, իսրայէլեան ուժեր կը հեռանան «Ժընին» գաղթակայանէն

Ուժգին դիմադրութեան հանդիպելէ ետք, իսրայէլեան ուժեր կը հեռանան «Ժընին» գաղթակայանէն

Պաղեստինեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Ժընին քաղաք, մինչ պաղեստինցի երիտասարդները փամփուշտներով դիմակայած են անոնց:

Աւելի քան 50 ռազմական սարքեր ներխուժեցին Ժընին եւ անոր գաղթակայանը, եւ կատաղի բախումներ սկսան դիմադրութեան եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ:

Իր կարգին, Ժընին ջոկատը այսօր յայտնած էր, որ իր մարտիկները «ներգրաւուած են դաժան բախումներու մէջ իսրայէլեան ուժերուն հետ»:

Իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են Ժընինի գաղթակայանէն երիտասարդի մը, ինչպէս նաեւ ձերբակալութիւններ իրականացուցած են Ժընինէն արեւմուտք գտնուող Աանին գիւղի երիտասարդներուն նկատմամբ:

Անվտանգութեան եւ տեղական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ իսրայէլեան բանակի մեծ ուժերը ներխուժած են գաղթակայան եւ իրենց դիպուկահարները տեղակայած են շարք մը տանիքներու վրայ, միաժամանակ գաղթակայանի երկնքին հետախուզական ինքնաթիռներու թռիչքներու ընկերակցութեամբ:

Նոյն աղբիւրները կը յաւելեն, որ իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են երիտասարդ Ասիտ Թուրքմանը, երբ անոնք ներխուժած են անոր ընտանիքին տունը` ընդհարումներու ընթացքին: