«Վագրի խումբ» անունով յայտնի խմբաւորման առաքելութիւնն է նաեւ «ուսումնասիրել այն հակադարձութիւնը, եթէ զէնք տեղափոխող շարասիւնները յարձակին ՆԱԹՕ-ի տարածքին:
«The New York Times»-ը այսօր` Հինգշաբթի, բացայայտեց, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ստեղծած է Ուքրանիոյ հարցով ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներու աշխատանքային խումբ:
Պարբերականը մատնանշած է, որ այդ խումբին խնդիրն է «ուսումնասիրել, թէ ինչպէս արձագանգել, եթէ Ռուսաստանը քիմիական, կենսաբանական կամ միջուկային զէնք օգտագործէ Ուքրանիոյ մէջ», ըստ իր պնդման:
Ան նշած է, որ «Վագրի խումբ» անունով յայտնի խմբաւորումը ստեղծուած է Սպիտակ տան կողմէ` ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի կողմէ, պատերազմի մեկնարկէն չորս օր անց ստորագրուած յուշագրի համաձայն:
Պարբերականը նշած է, որ խմբաւորման առաքելութիւնն է նաեւ «ուսումնասիրել այն հակադարձութիւնը, եթէ զէնք տեղափոխող շարասիւնները յարձակին ՆԱԹՕ-ի տարածքին»:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աւելի վաղ յայտնած էր, որ արտասահմանէն Ուքրանիա հասնող զէնքի որեւէ առաքում Ռուսաստանի օրինական ռազմական թիրախը պիտի ըլլայ:
Ինչպէս կը գրէ «New York Times»-ը, «Վագրի խումբը» գաղտնի կը հանդիպի շաբաթը 3 անգամ, եւ կը քննարկէ ինչպէս հակադարձել, եթէ Ռուսաստանը ընդլայնէ պատերազմը դէպի դրացի երկրներ:
Չորեքշաբթի օր ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ յայտնեց, որ դաշինքը 4 նոր մարտական խմբաւորում պիտի տեղակայէ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ` Ռուսաստանի դէմ պաշտպանութիւնը ուժեղացնելու համար: