Գորիս-Կապան ճանապարհի Որոտանի հատուածին մէջ ատրպէյճանցիները զինուորներուն հաց հասցնող ինքնաշարժ կանգնեցուցած են։
Գորիսի փոխքաղաքապետ Կարէն Քոչարեան ըսած է. «Գումար չեն պահանջած, բայց իրենց շատ լկտի ձեւով պահած են։ Կոպիտ ձեւով ինքնաշարժը ստուգած են։ Ինքնաշարժը ճանապարհը անցած է հայ եւ ռուս սահմանապահներու ուղեկցութեամբ, որովհետեւ վարորդը հրաժարած է առանց ուղեկցութեան երթալ»։
Գորիսի փոխքաղաքապետը նշեց, որ ճանապարհին կրկին իրանեան բեռնատարներ կուտակուած են։ «Իրանցիներու մօտ արդէն խուճապ տարածուած է, անոնք սկսած են աղմուկ բարձրացնել, վէճեր կը յառաջանան։ Կառավարութիւնը անյապաղ պէտք է այս հարցին լուծում տայ», յաւելեց Կարէն Քոչարեանը։
Յիշեցնենք, որ Որոտանի հատուածին մէջ ոստիկանական անցակէտ տեղադրելէ յետոյ, ատրպրէյճանցիները կը կանգնեցնեն Իրանէն եկող բեռնատարներու վարորդները, կը ստուգեն զանոնք, գումար կը գանձեն եւ յետոյ կը թողնեն ճանապարհը շարունակել։ Քանի մը օր առաջ ալ ատրպէյճանցիները ձերբակալած էին երկու իրանցի վարորդ։