image

Ողբերգական մեծ արկած Երեւան- Կիւմրի ճանապարհին. Կայ 11 զոհ

 Ողբերգական մեծ արկած Երեւան- Կիւմրի ճանապարհին. Կայ 11 զոհ

Ողբերագական արկած մը գրանցուած է Երեւան-Կիւմրի ճանապարհին։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հայրենի լրասփիւռներէ։

 

 Կը նշուի, որ արկածը պատահած է այսօրուայ առաջին ժամերուն, երբ մարդատար կառք մը փախած է բեռնատարի մը։

 

 Զոհուած է 11 անձ, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 6-ի։

Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ տարբեր հիւանդանոցներ փոխադրուած վիրաւորներուն 5 -ի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր։

 Արկածը պատահած է Կիւմրիի մերձ եղող Լանջիկ գիւղին մօտ։