image

Ոչ եւս ՀԲԸՄ-ի Գանատայի շրջանի նուիրեալ «Մայրիկ»ը, Տիկն. Վարդուհի Պալեանը

 Ոչ եւս  ՀԲԸՄ-ի  Գանատայի շրջանի նուիրեալ «Մայրիկ»ը, Տիկն. Վարդուհի Պալեանը

 

Մոնթրէալի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահականցուն կնքած է համայնքի երէց անդամներէն՝ Տիկն. Վարդուհի Պալեանը (Ծնեալ՝ 1932-ին)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» Գանատայի մասնաճիւղի պաշտօնական էջէն։

Հրապարակուած մահագրականէն կ՚իմանանք, որ Տիկն. Վարդուհին կարեւոր ճիգեր գործադրած է Գանատայի (յատկապէս Մոնթրէալի) գաղութի կազմաւորման գործին մէջ եւ այդ ճիգերը եղած են համայնքի կազմաւորման առաջին օրերէն սկսեալ։

 

 Յարգուած բոլորին կողմէ եւ նուիրուած կրթական ասպարէզին ան տարիներ եղած է տնօրէնուհին ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանին։

 Սաները, ծնողները, վարչականներն ու պատասխանատուները այնքան մը սիրած են զինք, որ հանգուցեալին տուած են «Մայրիկ» կոչումը։Մայրիկ, որ գիտէր ամէն գնով նուիրուիլ եւ անմնացորդ կերպով ծառայել կերտելու համար մատղաշ սերունդեր։

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր չորեքշաբթի 24 օգոստոսին Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ, իսկ արարողութեան պիտի նախագահէ Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը։

 

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, եւ մասնաւորապէս որդւոյն, ՌԱԿ Գանատայի մարմնի գործիչ ՝ Տիար Արա Պալեանին։