image

Երջանկայիշատակ ՝Վազգէն Վեհափառի մշտանորոգ պատգամը ՝«Ռազմակից լինենք իրար, սիրենք իրար» (Տեսանիւթ)

Երջանկայիշատակ ՝Վազգէն Վեհափառի մշտանորոգ պատգամը ՝«Ռազմակից լինենք իրար, սիրենք իրար» (Տեսանիւթ)

Շատ խօսուած ու գրուած է մեր եկեղեցւոյ երանաւէտ առաջնորդներուն մասին, որոնց մէջ ալ իր ուրոյն տեղն ունի Երջանկայիշատակ Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։  Մեր այսօրուան ծանր եւ ապագայի հանդէպ հազար ու մի հարցադրումներով լեցուն ժամանակներուն անգամ մը եւս Երանաւէտ Վեհափառին խօսքերը կը հնչեն ու կը դառնան առանցքային

 Վեհափառը, որ միշտ ալ եղած է մեծ ռահվիրան միասնութեան առիթով մը իր տուած պատգամներէն մէկուն ընթացքին կարեւորած է սիրոյ գաղափարը։ Սէր առ եղբայրը, սէր առ միւս հայը եւ սէր առ հայոց ժողովուրդը։

 

 Բառերը Վեհինն են ու աւելի քան այժմէական եւ ամբողջական։

Երջանկայիշատակ Տ. Վազգէն Հայրապետ կ՚ըսէ 

  «Սէր, սէրը որ մայրն է բոլոր բարիքների նաեւ հասարարական կեանքում սէր ասելով պէտք է հասկանանք եղբայրասիրութիւնը։ 

 Ի սկզբանէ մենք մէկ ազգ ենք եւ հետեւաբար նոյն ազգի զաւակներն ենք համախմբուած սուրբ Արարատի լանջերի շուրջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր նախաստեղծման շրջաններէն սկսեալ։Մենք միայն այսօրուան հայութիւնը չենք ներկայացնում այլ համայն ամբողջութիւնը հայ ժողովրդի գոյութեան սկզբից մինչեւ մեր օրերը։ Այդ գիտակցութեամբ պէտք է մենք զմեզ նկատենք իբրեւ եղբայրներ, գործակիցներ, ուղեկիցներ, եւ մարտակիցներ։

Ներող ըլլանք իրար հանդէպ, բարի կամեցող ըլլանք իրար հանդէպ»։