Պէյրութի մէջ առկայ դրական մթնոլորտին արդիւնքով ամերիկեան տոլարը ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սկսած է վաճառուիլ 17.100-ի։
Այս մասին կը գրէ Lebanon Debate կայքը նշելով նաեւ, որ մինչ առաւօտեան ժամերուն ամն տոլարը կը վաճառուէր 18.000 լիբանանեան ոսկիով, քիչ առաջ ստացուած տեղեկութիւններու հիմամբ տոլարը սկսած է վաճառուիլ 17.100-ի։
Յիշեցնենք նաեւ, որ երկրին մէջ տոլարի տատանումները մեծ հաշուով կապ ունին երկրի քաղաքական վերիվայրումներուն հետ ու այդ առումով ալ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը կը համարուի դրական մեծ քայլ։