image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր արկած Քաջարանի մէջ. Մահացած է 7 տարեկան պատանի մը

Ծանր արկած  Քաջարանի մէջ. Մահացած է 7 տարեկան պատանի մը

 

Երէկ՝ 13 նոյեմբերին, մահուան ելքով վրաերթ տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ:

shamshyan.com-ի հաղորդմամբ ժամը 14:20-ի սահմաններուն Սիւնիքի մարզի բնակիչ, 40-ամեայ Սուսաննա Ա.-ն իր վարած KIA ORTEGA  մակնիշի մեքենայով Քաջարան քաղաքի Շիրվանզադէի փողոցի թիւ 6-րդ շէնքի դիմացի ճանապարհին վրաերթի ենթարկած է Քաջարան քաղաքի բնակիչ, 7-ամեայ Հայկ Պ.-ն: 

Վրաերթի ենթարկուած երեխան ծայրայեղ ծանր, անգիտակից վիճակի մէջ տեղափոխուած է Քաջարան բժշկական կեդրոն: 

Հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Կապանի բաժին, որ վրաերթի ենթարկուած երեխան գիտակցութեան չգալով մահացած է:

Դէպքի փաստով Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: 

Քննիչի յանձնարարականով մեքենան տեղափոխուած է ոստիկանութեան Կապանի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք: Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ վարորդ Սուսաննա Ա.-ն փախուստի չէ դիմած, օգնած է երեխային տեղափոխել հիւանդանոց, ապա ինքնակամ ներկայացած է ոստիկանութեան Քաջարանի բաժանմունք: 

Ան կ'աշխատի «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի մէջ, իսկ մահացած երեխան կը յաճախէր Քաջարանի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի 2-րդ դասարանը: