ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ մտադիր է նոր ընկերային ցանց ստեղծել, որ պիտի ստանայ TRUTH Social («Ընկերային ճշմարտութիւն») անուանումը:
Թրամփի խօսքով՝ նոր հարթակը «պիտի դիմակայէ բարձր արհեստագիտութիւններու բռնակալութեան», որոնք նախկին նախագահը կը մեղադրէ ԱՄՆ-ի մէջ ընդդիմադիր ձայները լռեցնելու մէջ:
Trump Media & Technology Group ընկերութիւնը, որուն նախագահը Թրամփն է, մտադիր է նաեւ վիտէօ-ծառայութեան բաժանորդագրութիւն ստեղծել:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Յունուարին ընկերային յայտնի ցանցերը, ինչպիսիք են Twitter-ն ու Facebook-ը, արգելափակած էին Թրամփի էջերը՝ պայմանաւորուած 6 Յունուարին Ուաշինկթընի մէջ Քափիթոլիումի ներխուժման լոյսին տակ անոր կատարած յայտարարութեամբ: Թրամփը ամերիկացիներին կոչ ըրած էր անհնազադնութեան արարքներ կատարել՝ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդմնակալութեան ընդառաջ: