image

Տիրան Խաչատրեանն ազատ արձակուեցաւ կալանքէն

Տիրան Խաչատրեանն ազատ արձակուեցաւ կալանքէն

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ, ՀՀ ազգային հերոս Տիրան Խաչատրեանն ազատ արձակուած է կալանքէն։

Դատարանի որոշմամբ, Տիրան Խաչատրեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինուած է գրաւով՝ 5 միլիոն դրամի չափով, եւ բացակայելու արգելքով։

«Ի հարկէ հասկանալի է, որ սա վերջնական որոշում չէ, միջանկեալ հատուածի համար գոհ եմ։  Դատաքննութիւնը դեռեւս ըթանալու է, կրկին պնդում եմ, որ տեղի ուենցածում մեղաւոր ինձ չեմ ճանաչում, իմ բնաւորութեամբ, բնոյթով  եւ էութեամբ այնպիսիսն չեմ, որ ինձ նման արարք թոյլ տամ, որեւէ մէկին վնասելու փորձ չեմ արել եւ նման միտում, ձգտում չեմ ունեցել»,-լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Տիրան Խաչատրեանը։

Յիշեցնենք, որ Խաչատրեանը կալանաւորուած էր յունուար 15-ին՝ Արամուսի մէջ տեղի ունեցած կռիւի եւ կրակոցներու դէպքով։ Անոր նկատմամբ հարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (խուլիգանութիւնը, որ կատարուած է զէնքի կամ մարմնական վնասուածք պատճառելու համար նախապէս պատրաստուած կամ հարմարեցուած առարկայի կամ միջոցի գործադրմամբ կամ ատոր գործադրման սպառնալիքով)։