image

Թուրքիոյ Սվազ շրջանին մէջ. Հայկական եկեղեցի մը ծախու հանուած է

Թուրքիոյ Սվազ շրջանին մէջ. Հայկական եկեղեցի մը ծախու հանուած է

Արեւմտահայութեան ժառանգ հանդիսացող հոգեւոր կոթողներու մասին բազում առիթներով գրուած է։

Գրուած է նաեւ այն մասին, որ հակառակ ամէն տեսակի բարդութիւններուն եւ նոյնիսկ վանտալիզմին, հայկական աղօթատեղիներ կը շարունակեն «կանգուն» մնալ ողջ Թուրքիայով մէկ։

Այս օրերուն երեւան եկած է տեղեկատւութիւն Սվազի (Սեբաստիա) մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մը մասին, որ օրերս «ծախու» հանուած է։

Ստորեւ այդ մասին Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականին կողմէ տրուած լրատւութիւնը՝

Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վաճառքի հանուեցաւ:

Կը նշուի, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք լքուած եկեղեցին սեփականութիւնը դարձաւ տեղւոյն բնակիչ Հաթիճէ Աքայ անունով անձի մը, որ որոշելով վաճառել զայն՝ դիմեց անշարժ գոյքի գործակալութեան մը, որ թրքական «DHA» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եկեղեցին վաճառելու գծով խոչընդոտներ չկան:

«Կայ սեփականութեան վկայական, եւ չկան խոչընդոտներ վաճառքի հարցով: Եկեղեցին առաջին աստիճանի պահպանուող տարածք մըն է եւ կը գտնուի պաշտպանութեան տակ: Այսօրուընէ զայն դրած ենք վաճառքի եւ անոր համար կ՛ուզենք 16 միլիոն լիրա (շուրջ 500,000 տոլար)», յայտնեց վերոնշեալ գործակալութեան ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ եկեղեցին կը գտնուին Գէօյտիւն գիւղին մէջ եւ կառուցուած է 19րդ դարուն: 2012ին անիկա արձանագրուած է՝ իբրեւ առաջին խումբի պահպանութիւն պահանջող մշակութային անշարժ գոյք:

Սրբատաշ քարերով կառուցուած հայկական եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին պատերուն խաչի պատկերներ փորագրուած են: