image

Թուրքիոյ կողմէ քայլեր չենք տեսներ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու ուղղութեամբ․ Ռուբինեան

Թուրքիոյ կողմէ քայլեր չենք տեսներ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու ուղղութեամբ․ Ռուբինեան

Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէ գործուն քայլեր չի տեսներ հայ–թրքական սահմանի բացման համար։ Խորհրդարանին մէջ այս յայտարարութիւնն ըրած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը` պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն:

«Հայ–թուրքական սահմանի բացման համար հայկական կողմից բոլոր ենթակառուցուածքային աշխատանքները արուած են, անցակէտը պատրաստ է, իսկ թուրքական կողմից մենք քայլեր չենք տեսել այս պայմանաւորուածութեան իրագործման ուղղութեամբ»,–ըսած է ան։

Ռուբինեան յիշեցուցած է, որ դեռ 2022 թուականի յուլիսին կողմերը պայմանաւորուած էին առաջին փուլով բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար։

Ան ընդգծած է, որ համաձայն չէ այն պնդման հետ, թէ երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը բացակայի։

«Այնպէս չէ, որ հանդիպումներ չկան, վերջին հանդիպումն այս տարի փետրուարին է եղել Արտաքին գործոց նախարարների միջեւ։ Մենք յոյս ունենք, որ շուտով էլի հանդիպումներ կը լինեն, բայց ժամկէտներ դեռ չկան»,– ըսած է ան։