Թուրքիոյ մէջ այժմ իշխող «Ժողովրդական» (Cumhur) դաշինքին ընդդիմադիր «Ազգ» (Millet) դաշինքը գալիք ընտրութիւններուն կրնայ ըլլալ մասնակցի կուսակցական նոր կազմով։
Այս մասին իր յօդուածին մէջ գրած է թրքական ընդդիմադիր Cumhuriyet թերթի լրագրողներէն Սելտա Կիւնեյսունը։ Լրագրողը յայտնած է, որ «Լաւ» (İyi) կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեների եւ «Ժողովրդական հանրապետական» կուսակցութեան (CHP) նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի վերջին հանդիպումին ժամանակ քննարկուած է դաշինքը ընդլայնելու հարցը։
Կը սպասուի, որ «Ազգ» դաշինքին միանան նաեւ Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճանի՝ «Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց» (DEVA), նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի՝ «Ապագայ» (Gelecek) եւ գործարար, քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Սարըկիւլի՝ «Թուրքիոյ վերափոխման» (TDP) կուսակցութիւնները։
Ըստ լուրերուն՝ Սարկիւլն արդէն իսկ դրական արձագանգած է դաշինքին միանալու առաջարկին, իսկ միւս կուսակցութիւնները դեռ կը շարունակեն քննարկումները։
«Ազգ» դաշինքը 2023-ի ընտրութիւններուն կարող է մասնակցիլ նոր կազմով, որու մէջ կը մտնեն «Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց», «Ապագայ», «Երջանկութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Թուրքիոյ վերափոխման», «Լաւ» եւ «Ժողովրդական հանրապետական» կուսակցութիւնները։
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ դաշինքը պիտի ներկայանայ ««Ժողովրդական»-ը միայնակ է, «Ազգ»-ը՝ միասնական» (Cumhur tek, Millet birlik) կարգախօսով եւ քարոզարշաւի ժամանակ հիմնական շեշտը պիտի դնէ տնտեսութեան վրայ։