Թուրքիոյ մէջ աշխուժացած են խօսակցութիւնները «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին: Յատկանշական է, որ թուրք պաշտօնեաները կը խօսին «միջանցք»ին մասին՝ առանց Հայաստանը յիշատակելու:
Յիշեցնենք, որ խօսքը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքին մէկ մասը՝ Սիւնիքը (Զանգեզուր), բռնակցելու փորձին մասին է:
Թուրքիոյ առեւտուրի փոխնախարար, մաքսային բաժինի ղեկավար Ռեզա Թունա Թուրագայ «ԱՊԱ»ին յայտնած է, որ կը նախատեսուի ընդլայնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «արտօնեալ առեւտրական համաձայնագիր»ի շրջանակը: Ան նշած է, որ նպատակ կայ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը 15 միլիառ տոլարի հասցնել։ «Այս պահուն, մեր ապրանքներու շրջանառութիւնը շուրջ 5 միլիառ տոլար է: 2021ին, մեր ներածումը 2.3 միլիառ տոլար էր, իսկ արտածումը՝ 2.7 միլիառ: Մենք կ՛աշխատինք ապրանքներու շրջանառութեան այս ծաւալը աւելցնելու ուղղութեամբ», յայտնած է Թուրագայ:
Ըստ անոր՝ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման համար կարեւորագոյն հարցերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցքի բացումն է»: «Այդ միջանցքի բացումը մեզի առաւելութիւն կու տայ Ատրպէյճան, իսկ այնտեղէն Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ մուտք գործելու տեսանկիւնէն՝ առեւտուրի ծաւալները աւելցնելու համար: «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման շուրջ Ռուսիոյ հետ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները կը շարունակուին: Մենք կ՛ակնկալենք, որ միջանցքը պիտի բացուի մօտիկ ապագային», ըսած է Թուրագայ՝ այդպիսով ակնարկելով Ռուսիոյ հետ ինչ-որ գաղտնի բանակցութիւններու մասին: