image

Թուրքիա. Լիրան կը շարունակէ իր «հեզասահ» անկումը

Թուրքիա. Լիրան կը շարունակէ իր «հեզասահ» անկումը

Թուրքիոյ արտարժոյթը շուկային մէջ կը շարունակէ պահել իր անկայունութիւնը։ Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին տոլարի, եւրոյի եւ ֆունտ ստերլինկի նկատմամբ անընդհատ անկումներ արձանագրող թրքական ազգային արժոյթը՝ թրքական լիրան, 15 Հոկտեմբերին տոլարի նկատմամբ արժեզրկման նոր մրցանիշ արձանագրած է։

Արժեզրկման վերջին ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած էր 12 Հոկտեմբերին, 1 տոլարի դիմաց՝  9.0398 թրքական լիրա փոխարժէք, իսկ այս պահուն արտարժոյթի շուկայի գործարքները կը կատարուին 1 տոլար/ 9.2422 լիրա փոխարժէքով:

Եւրօ-լիրա փոխարժէքը ունի հետեւեալ պատկերը՝ 1 եւրօ / 10. 7321 լիրա, իսկ ֆունտ ստերլինկ-լիրա փոխարժէքը՝ 1 ֆունտ ստերլինկ / 12.64 լիրա։