image

Թուրքիա չի ծրագրեր պատերազմիլ Յունաստանի դէմ. Էրտողան

Թուրքիա չի ծրագրեր պատերազմիլ Յունաստանի դէմ. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ըսած է, որ իր երկիրը պատերազմ չի ծրագրեր Յունաստանի հետ, սակայն Աթէնք կը խախտէ Թուրքիոյ օդային տարածքը:

«Մենք Յունաստանի հետ պատերազմ սկսելու խնդիր չունինք, բայց Յունաստանը իր խոստումները չի պահեր: 147 անգամ խախտած է օդային տարածքը, մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք հարեւանութեամբ, ի՞նչ ընենք այդ պարագային, իմ օդուժը կը պատասխանէ: Եթէ օդուժը չպատասխանէ, քաղաքացիներս պիտի հարցնեն` ո՞ւր է մեր օդուժը», ուրբաթօրեայ աղօթքից յետոյ լրագրողներուն ըսած է Էրտողան:

Անոր խօսքով` շարք մը առաջնորդներ կը փորձեն հաշտեցնել Թուրքիան ու Յունաստանը:

«մենք ըսինք, որ այդ դեռ չենք դիտարկեր», ընդգծած է Էրտողան: