Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան համաձայնագրի համաձայն՝ տեղի կ'ունենան թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւններ։
Զօրավարժութիւնները, որոնք կը կայանան տարբեր տիպի զօրքերու անձնակազմի, ռազմական եւ յատուկ ճարտարապետա-սակրաւորային տեխնիկայի, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական բանակի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու ռազմական օդուժի ներգրաւմամբ, կ'ընդգրկեն Պաքու քաղաքի, Աստարայի, բռնագրաւուած Ջրականի (Ճապրայիլ) եւ Իմիշլիի շրջաններու տարածքները։
Ատրպէյճանական բանակի ցամաքային զօրքերու, ռազմաօդային ուժերու, յատուկ նշանակութեան ուժերու, ճարտարապետական զօրքերու, հրթիռահրետանային զօրքերու ստորաբաժանումները Թուրքիոյ զինուած ուժերու զինծառայողներու հետ համատեղ պիտի իրականացնեն մարտական պատրաստութեան տարբեր առաջադրանքներ։
Զօրավարժութիւններուն, հաշուի առնելով ժամանակակից մարտական գործողութիւններու իրականացման մեթոտները, տարբեր առաջադրանքներ պիտի կատարուին:
Համատեղ զօրավարժութիւններու ընթացքին հիմնական ուշադրութիւն պիտի դարձուի զօրքերու փոխգործակցութեան մարտական համախմբուածութեան ապահովման, հրամանատարութեան եւ հսկողութեան կատարելագործման, փորձի փոխանակման եւ անձնակազմի մասնագիտական բարձրացման։
Նշենք, որ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի ուղեկցութեամբ այսօր պաշտօնական այցով մեկնած է Ատրպէյճան, նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ։