image

Թոքաեւ երդում կատարեց եւ ստանձնեց երկրի նախագահութիւնը

Թոքաեւ երդում կատարեց եւ ստանձնեց երկրի նախագահութիւնը

Ղազախստանի նախագահի արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւը 26 նոյեմբերին երդմնակալութեան արարողութեամբ ստանձնած է պաշտօնը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը։

Երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է Անկախութեան պալատէն ներս։

«Հանդիսաւոր կերպով կ'երդնում հաւատարմօրէն ծառայել Ղազախստանի ժողովուրդին, խստօրէն հետեւիլ Ղազախստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանն ու օրէնքներուն, երաշխաւորել քաղաքացիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, բարեխղճօրէն կատարել Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահի՝ ինծի վստահուած բարձր պարտականութիւնները»,- երդմնակալութեան ժամանակ ըսած է Թոքաեւը՝ աջ ձեռքը դնելով երկրի սահմանադրութեան վրայ։

Ղազախստանի նախագահի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 20 նոյեմբերին։ 69,44 տոկոս մասնակցութեան պայմաններով Թոքաեւը ստացած էր ընդհանուր ձայներու 81,31 տոկոսը։ Համաձայն փոխուած սահմանադրութեան՝  ան կը պաշտօնավարէ 7 տարի՝ առանց վերընտրուելու իրաւունքի։