image

Թրքական լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ

Թրքական լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ

Թրքական լիրան դարձեալ թարմացոպցած է անկման մրցանիշը տոլարի նկատմամբ, եւ մէկ տոլարը հաւասարած էր 10,16 լիրայի։ Ինչպէս կը վկայեն արժոյթի սակարկութիւններու տուեալները, սա վերջին հինգ տարուան մէջ ազգային արժոյթի ամենամեծ անկումն է։

Ամերիկեան արժոյթի մէկ միաւորը 10 լիրա սահմանը հոգեբանօրէն կարեւոր է Թուրքիոյ բնակիչներուն համար։ Լիրայի այս արժեզրկումը կը յարաբերակցուի նաեւ գնաճի աճող ցուցանիշներու հետ։ Հոկտեմբերին սպառողական գիներու աճը աւելցած էր 2,39 տոկոսով՝ Սեպտեմբերի համեմատ։ Իսկ տարեկան կտրուածքով Հոկտեմբերի վերջին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակամիջոցի համեմատ, գիները բարձրացած են 19,89 տոկոսով։

Իշխանութիւնները կը փորձեն զսպել ազգային արժոյթի անկումն ու գնաճը, այդ շարքին ի հաշիւ տոկոսադրոյքներու իջեցման եւ առեւտուրի աջակցման որոշ միջոցներու։ Բայց արդիւնքով այդ քաղաքականութիւնը չ'օգներ զգալի չափով կանգնեցնելու գիներու աճը սպառողներու համար։ Աւելին, Հոկտեմբերին պետական պիւտճէն փակուած էր 17 միլիառ լիրայի (1,7 միլիառ տոլար ընթացիկ փոխարժէքով) պակասուրդով, իսկ 2021 թուականի 10 ամսուան մէջ ծախսերու գերազանցումը պիւտճէին մէջ կը կազմէ 78 միլիառ լիրա (7,8 միլիառ տոլար)։