image

Թրքական կործանիչները խախտած են Յունաստանի օդային սահմանը

Թրքական կործանիչները խախտած են Յունաստանի օդային սահմանը

Թրքական ռազմական ինքնաթիռները Յունուար 6-ին եւ 7-ին տասնեակ անգամներ խախտած են Յունաստանի օդային տարածքը՝ թռիչքներ իրականացնելով յունական կղզիներու վրայով: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան Գլխաւոր շտաբը:

Մասնաւորապէս, շտաբէն յայտնած են, որ թրքական չորս F-16 կործանիչներէ բաղկացած խումբը խախտած է երկրի օդային սահմանը Էգէեան ծովու հիւսիս-արեւելեան, կեդրոնական եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ: Բոլոր պարագաներուն, օդ բարձրացած է յունական ռազմական օդագնացութիւնը՝ ստիպելով թրքական կործանիչները լքել երկրին օդային տարածքը: