image

Թրքական կայանը տեսանիւթ մը ցուցադրած է բռնագրաւուած Ջրականին մասին

Թրքական կայանը տեսանիւթ մը ցուցադրած է բռնագրաւուած Ջրականին մասին

Թուրքիոյ պետական «TRThaber» լրատուականը տեսանիւթ պատրաստած  է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներէն ներս Թուրքիոյ զինուժի անձնակազմի ծառայութեան մասին:

Նշուած է, որ թրքական բանակի «Ականազերծման յատուկ ստորաբաժանումները» Ղարաբաղի «ազատագրուած տարածքներէն ներս» հայերու տեղադրած ականները յայտնաբերելու եւ վնասազերծելու աշխատանքներ կը տանին, «որպէսզի այդ հողերու իրական տէրերը աւելի շուտ վերադառնան»:

Տեսանիւթը նկարահանուած է Ջրական (Ճեպրայիլ), ուր կ'երեւին ականազերծման աշխատանքէն դրուագներ:

Նշուած է, որ ականազերծման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է թրքական բանակի 130 զինուոր։ Ըստ հրապարակման՝ թրքական զինուորական անձնակազմը բացի ականազերծման աշխատանքներէն, կը վերապատրաստէ ատրպէյճանական բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներու անձնակազմը: