image

Թրքական ապրանքներու ներկրման արգելքի երկարաձգման մտադրութիւն

Թրքական ապրանքներու ներկրման արգելքի երկարաձգման մտադրութիւն

ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութիւնը կառավարութեան առաջարկած է Դեկտեմբեր 31-էն յետոյ կրկին երկարաձգել թրքական ծագման վերջնական սպառման ապրանքներու՝ Հայաստան ներկրման արգելքի գործողութեան ժամկէտը. արգելքը կը նպաստէ տեղական արտադրութիւններու հիմնման, բացն ալ կը լրացուի տարբեր շուկաներէ ներկրումներով: 

Նախարարութիւնը քննարկած է, վերլուծութիւն կատարել, թէ արգելքը որքանով տնտեսապէս արդիւնաւէտ է, ինչպիսի բարդութիւններ եւ հնարաւոր դրական արդիւնքներ կան անկէ: «Գտնում ենք, որ վերջնական սպառման թուրքական ապրանքների ներկրման արգելքը տրամաբանական է եւ պէտք է շարունակուի: Հետեւաբար, նախարարութիւնը կառավարութեանն առաջարկել է վերահաստատել  այդ քաղաքականութիւնը, եւս 6 ամսով երկարաձգել արգելքի գործողութեան ժամկէտը», ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արշակ Ասլանեանը՝ յաւելելով, որ կրկին պիտի պահպանուի Հայաստանի մէջ արտադրութեան մէջ օգտագործուող սարքաւորումներու, միջանկեալ սպառման ապրանքներու ներկրումը: