image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Իրանի հետ գործարքի

Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Իրանի հետ  գործարքի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը նոյեմբեր 18-ին յայտարարած է, որ կ՚ուզէր իրանեան կողմի հետ համաձայնագիր կնքել միջուկային ծրագրի շուրջ։ Այս մասին ան ըսած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմատ պըն Սըլմանի հետ կայացած հանդիպման ժամանակ, որու տեսանիւթը տարածած են ամերիկեան լրատուները։

«Ես լիովին բաց եմ ատոր համար։ Մենք կը խօսինք անոնց հետեւ կը սկսինք գործընթացը։ Լաւ կ՚ըլլար Իրանի հետ համաձայնագիր ունենալ, եւ մենք կրնայինք այդ կնքել պատերազմէն առաջ, բայց չյաջողեցանք», -ըսած է Թրամփը՝ նկատի ունենալով յունիսի 12-օրեայ պատերազմն Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, որ աւարտած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի միջուկային կառոյցներու ռմբակոծումէն ետք։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքով՝ Թեհրանը «շատ պիտի փափքէր նման համաձայնագրի հասնիլ»։